ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թրենտ».- Նախապատրաստական մանրամասն աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի, Էլմար Մամետեարովի եւ Զօհրապ Մնացականեանի միջեւ եռակողմանի հանդիպումը, 8 Փետրուարին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարած այս հաստատումին մասին Զախարովա յաւելեալ տեղեկութիւններ չի տրամադրեց, այլ միայն աւելցուց՝ ըսելով. «Նշեալ հանդիպումէն առաջ, մանրամասն տեղեկատուութիւններ կը տրամադրենք ձեզի»: