«Ինծի Պայման Դրին, Որ Ութ Ամիսէն Պէտք Է Չինարէն Սորվիմ»
Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Շանկհայի Սիմֆոնիք նուագախումբի գլխաւոր ջութակահար Աստղիկ Պօղոսեան տարեկան արձակուրդը անցընելու համար եկած էր հարաւային Քալիֆորնիա:
Բարեկամս՝ Պերճ Չօլաքեան, Հինգշաբթի, 7 Փետրուարի կէսօրին, զայն բերած էր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Փասատինայի գրասենեակը, որպէսզի ծանօթանայ գրասենեակի անձնակզմին եւ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Կատարողական արուեստից կեդրոնի վերանորոգեալ սրահին:
Այս առիթով, զայն տարինք նաեւ Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր հանդիպեցաւ Վահէ սրկ. Չարխուտեանի հետ: Վահէ սարկաւագ հետաքրքրուեցաւ Շանկհայի հայ գաղութին մասին եւ իմացանք, որ հոն կ՛ապրին միայն քառասուն հայեր:
Օգտուելով այս բարեբաստիկ առիթէն, խնդրեցի, որ հարցազրոյցով մը գաղութս տեղեակ պահէ Չինաստանի մէջ իր ասպարէզին եւ իր ապագայի ծրագիրներուն մասին: Աստղիկ Պօղոսեան սիրով ընդառաջեց։
Ստորեւ՝ շահեկան այդ հարցազրոյցը.
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս ընտրեցիք ջութակը՝ իբրեւ միջոց ձեր երաժշտական տաղանդը արտայայտելու:
ԱՍՏՂԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Քոյրս դաշնամուր մը ունէր, որ ինծի մատչելի էր նուագելու: Իսկ միւս քոյրս Անին՝ ջութակ մը ունէր, ու երբեք ինծի թոյլ չէր տար նուագել: Ուստի, երբ մայրս հարցուց, թէ ի՛նչ գործիք կը նախընտրեմ, առանց վարանելու ջութակ ըսի, որովհետեւ անկէ զրկուած զգացած էի, եւ մնացեալը կեանքիս պատմութիւնը դարձաւ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Բայց ինչո՞ւ Չինաստան գացիք ուսանելու:
ԱՍՏՂԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- 2009ին, երբ 16 տարեկան էի, աւարտեցի երկրորդական վարժարանը եւ ուզեցի արտասահման երթալ երաժշտական ուսումս շարունակելու: Ուստի դիմեցի պետական հովանաւորութիւնը վայելող ուսանողական փոխանակման ծրագիրին (student exchange program): Շատ չանցած հրաւէր ստացայ Շանկհայի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբէն եւ քիչ մը վարանումով ընդունեցի ու մօրս հետ գացինք Չինաստան:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Սկզբնական շրջանին, ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպեցաք:
ԱՍՏՂԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Ինծի պայման դրին, որ ութ ամիսէն պէտք է չինարէն (Mandarin) սորվիմ, այլապէս պէտք է վերադառնամ երկիրս: Բարեբախտաբար, սորվեցայ լեզուն եւ շուտով դարձայ նուագախումբի գլխաւոր ջութակահարը: Առաւել, ստացայ վարչական կարեւոր պատասխանատուութիւն՝ իբրեւ նուագախումբի նախագահին օգնական:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Չինացիները ի՞նչ գիտեն Հայաստանի եւ հայերուն մասին:
ԱՍՏՂԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Անոնք հայերուն մասին բնաւ գաղափար չունէին, իսկ կը կարծեն թէ Հայաստան Սովետ Միութեան մէկ մասն է: Բայց հիմա բաւական լայն տեղեկութիւն ունին այդ հարցերուն մասին, շնորհիւ բացատրութիւններուս:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Արդեօք հայ յօրինողներու գործերը մաս կը կազմե՞ն Շանկհայի Սիմֆոնիք նուագախումբի յայտագիրին:
ԱՍՏՂԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Միայն Խաչատուրեան եւ ան ալ կը խորհին թէ հայ չէ, այլ սովետ՝ Շոսթաքովիչի, Ռախմանինոֆի եւ Ռոսթաբովիչի նման:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Ի՞նչ կ՛ընէք հայութիւնը ու հայ երաժշտութիւնը ծանօթացնելու համար Չինացիներուն:
ԱՍՏՂԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Կազմած եմ քառեակ մը եւ մենք կու տանք նուագահանդէսներ, որոնց յայտագիրները կը բաղկանան հայկական թեմայով գործերէ: Օրինակ՝ Կոմիտասի «Կռունկ»ը, որ մեծ ազդեցութիւն կը գործէ թէ՛ ունկնդիրներուն վրայ եւ թէ իմ վրայ, որովհետեւ նուագին հետ արցունքոտ աչքերով կը ներկայացնեմ նաեւ պատառիկներ մեր Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Արտերկրի նուագահանդէսներու ի՞նչ ծրագիրներ ունի Շանկհայի սիմֆոնիք նուագախումբը:
ԱՍՏՂԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Այս ամառ մենք նուագահանդէսներով հանդէս պիտի գանք մայրաքաղաք Ուաշինկթընի եւ Շիքակոյի մէջ, ինչպէս նաեւ կարգ մը եւրոպական երկիրներու մէջ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Իսկ ի՞նչ կը մտածէք ձեր խումբը Հայաստան հրաւիրելու մասին:
ԱՍՏՂԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Դեռ շատ կանուխ է, բայց կը յաւսամ, որ օր մը կիրականանայ իմ այդ երազը: Գիտէ՞ք, շատ դիւրին չէ 150 հոգինոց խումբը Հայաստան տանիլ, սակայն «կամենալը՝ կարենալ է»։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Հայկական կերակուրները կը կարօտնա՞ք:
ԱՍՏՂԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Անշուշտ: Բարեբախտաբար վերջերս առաջին արաբական ճաշարանը բացուեցաւ Շանկհայի մէջ եւ ես կ՛օգտուիմ այդ բացառիկ առիթէն: Առաւել, մէկ սենեակնոց յարկաբաժինիս մէջ սորվեցայ հայկական պանիր սարքել: Նաեւ պէտք է նշեմ, որ սենեակիս պատերը զարդարուած են հայկական նկարներով, զայն դարձնելով իմ փոքրիկ «Հայաստան»ը։