ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի (ԳՄԳՄ) դատակազմը կը հաղորդէ, թէ բացուած է 2019ի նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Մրցանակը կ՛ընդունի գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւով ցարդ լոյս չտեսած գործեր՝ առ ի գնահատում եւ հրատարակութիւն:
Գրական, իմաստասիրական, պատմական, եկեղեցագիտական, բանասիրական եւ հայ մշակոյթի այլ կալուածներուն վերաբերող գործերը, հայերէն կամ օտար լեզուներով գրուած, պէտք է դատակազմին ամէնէն ուշը հասած ըլլան մինչեւ 30 Ապրիլ:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան՝ մեքենագրուած, երեք օրինակով եւ խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ՝ դատակազմին մաս կը կազմեն Ժիրայր Դանիէլեան (ատենապետ), Կարօ Յովհաննէսեան, Յակոբ Պալեան, Նազարէթ Պէրպէրեան եւ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան:
Հասցէ՝ Armenian Catholicosate of Cilicia, P.O.Box 70317, Antelias, Lebanon, կամ՝
chancellor@armenianorthodoxchurch.org։
Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակներուն չեն վերադարձուիր:
Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագիրի լեզուին եւ ուղղագրութեան: