ԷՋՄԻԱԾԻՆ.- Հրաւէրովը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին՝ 19 Փետրուարին Ս. Էջմիածին ժամանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Ս. Տրդատի կամարին առջեւ եղբայրական ողջագուրումէն ետք, երկու կաթողիկոսները Մայր տաճարի զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ, միաբաններու թափօրով առաջնորդուեցան Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ-Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանը, ուր կատարուեցաւ միասնական աղօթք:
Աղօթքէն ետք, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը բարի գալուստի խօսքով ողջունեց Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ, իր կարգին, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ։