ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու միութեան Երիտասարդ արհեստավարժներու յանձնախումբին, Ուրբաթ, 22 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Անտըրտակզ» սրահին մէջ (156 S. Brand Blvd., Glendale, CA 91204) տեղի պիտի ունենայ հայ արհեստավարժներու հերթական ընկերային հաւաքը:
Մասնակցութեան սակը 20 տոլար է, իսկ միութեան անդամներուն համար՝ անվճար։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել՝ Facebook.com/AESAPage կամ դիմել՝ ypro@aesa.org հասցէին: