ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) տարածաշրջանային այցելութեամբ ժամանեցին Երեւան: Անոնք նախ հանդիպեցան արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ, ապա զանոնք ընդունեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Հանդիպումներուն ներկայ եղան նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք:
Փաշինեան ողջունեց համանախագահներուն այցելութիւնը Հայաստան եւ կարեւոր նկատեց անոնց դերակատարութիւնը՝ իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային միջազգային լիազօրութիւն ունեցող ձեւաչափ:
Համանախագահները շնորհաւորեցին Փաշինեանը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Իմ Քայլը» դաշինքի յաղթանակին առիթով:
Հայաստանի վարչապետը ներկայացուց Յունուարին Տաւոսի մէջ Իլհամ Ալիեւի հետ տեղի ունեցած ոչ-պաշտօնական հանդիպման մանրամասնութիւնները:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացին համապատասխան մթնոլորտի ձեւաւորման շուրջ, ուրուագծեցին յետագայ քայլերը: Շեշտուեցաւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման ուղղութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւներու իրականացումը:
Նշենք, որ երեւանեան այցելութեան աւարտին, համանախագահները պիտի մեկնին Պաքու: