ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովը: Շատեր այս ժողովը անկիւնադարձային կը նկատէին՝ անկէ ակնկալուած սպասելիքներով, գումարման վայրով եւ նկատի ունենալով հայ քաղաքական տիրող իրականութիւնը, որուն ընթացքին կը գումարուէր անիկա: Յառաջիկայ տարիները եւ պատմութիւնը կու տան այս ժողովին արժանի գնահատականը, եւ շատ վաղ է ամբողջական գնահատական տալը ժողովի մը, որ դեռ նոր աւարտած է իր աշխատանքները:
Իւրաքանչիւր կարեւոր ժողով իր ներազդող դերը կ՛ունենայ նաեւ իւրաքանչիւր մասնակիցի վրայ, երբ մանաւանդ այդ մասնակցութիւնը կատարուած է ներդրում ունենալու, բայց առաւել եւս՝ այնտեղ ընթացող դաշնակցական ընկերական զրոյցներէն ու քննարկումներէն լուրջ դասեր քաղելու նախատրամադրութեամբ:
Ընդհանուր ժողովի քննարկման դատին յանձնուած հարցերու լայն շրջագիծը իւրաքանչիւր մասնակից կը դնէին զանոնք քննարկելու, արտայայտուած միտքերուն մասին մտածելու եւ ճիշդ կողմնորոշուելու ծանր պարտաւորութեան մը տակ: Որոշումներ տալու կողքին, կարեւոր ժողովները նաեւ դասեր կը փոխանցեն: Որպէս մասնակից՝ ես իմ դասը քաղեցի այն յստակ համոզումով, թէ որքա՛ն կենսունակ ու ազդեցիկ է այսօր դաշնակցական ընկերական զրոյցներու բարի աւանդոյթը:
Ընդհանուր ժողովէն ետք հասկցայ նաեւ, թէ որքան ալ ոմանց համար երկար թուի, բայց ութ օրեր նոյնիսկ բաւարար պիտի չըլլային բազմազան հարցերու սպառիչ քննարկման: Ուստի, ինչպէս 128 տարի, այսօր եւս դաշնակցական ընկերական զրոյցը կը շարունակուի իր բառապաշարով ու բարոյական բոլոր չափանիշներով: Այդ ընկերական զրոյցներու մշակոյթին ու բարեմասնութիւններուն շատ ծանօթ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Եւ որոշեցի դուռը բանալ ու տարբեր նիւթերու շուրջ սրտամօտ զրոյցով կիսուիլ ընկերոջ ու համակիրի հետ, ապագան քննարկել, բայց՝ միշտ նայելով նաեւ դէպի անցեալ, որուն իւրաքանչիւր դրուագին ընդմէջէն կերտուած է դաշնակցական ընկերական զրոյցի աւանդոյթը:
Դաշնակցական ընկերական զրոյցի առանձնայատկութիւններուն կարեւորագոյնները խտացուած են նոյնինքն այդ երկու բառերուն մէջ՝ ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ եւ ԶՐՈՅՑ: Այդ զրոյցը ունի իր բառապաշարը եւ լեզուամտածողութիւնը, զորս կարելի չէ նոյնիսկ բառերով բացատրել: Մէկ գրողի կամ մտաւորականի միտքին արգասիքն ու ոճն ալ չէ: Զայն կերտողներու շարքը կ՛երկարի Քրիստափորէն մինչեւ Վարանդեան, Գարեգին Խաժակ, Աղբալեան, Նաւասարդեան, Տասնապետեան, Զէյթլեան ու Մարուխեան: Իսկ այդ զրոյցներուն էջերը կ՛երկարին Ժընեւի «Դրօշակ»էն մինչեւ Պէյրութի ու ապա Աթէնքի «Դրօշակ»: Դաշնակցութիւնը «ընկեր» բառը կ՛ընկալէ բառարանային «ընդ կեր» եւ փոխաբերական՝ «անդաւաճան» իմաստներով՝ որպէս գաղափարակիցներու, գործակիցներու եւ զինակիցներու անշահախնդիր արտայայտութիւն: Դաշնակցութեան արժէքներուն անծանօթներն ալ պէտք է իմանան, որ դաշնակցականին համար ընկերականութեան թելադրանքն է, որ դաշնակցական զրոյցին մէջ բացառուած են խծբծանքը, վիրաւորանքը, քինախնդրութիւնը, ցեխարձակումն ու հեգնանքը: Այո՛, այնտեղ կան սկզբունքայնութիւն, ինքնուրոյնութիւն, խստապահանջութիւն եւ նորարարութեան միտում, բայց այդ բոլորը կը բխին հաւաքական ճիշդ ուղի գտնելու նախանձախնդրութենէն՝ աչքի առջեւ ունենալով Հայաստանի ու հայութեան հաւաքական շահը:
Իսկ զրոյցը Դաշնակցութեան ու դաշնակցականին համար, սրտբաց ու անթաքոյց երկխօսութեամբ, հաւաքական կարծիք ու կեցուածք ձեւաւորելու միջոց է: Դաշնակցութեան մէջ կարելի չէ գտնել վէճեր, որովհետեւ վէճը, ոչ բառարանային իմաստով, գաղափարական ու քաղաքական հակադիր կողմերու երկխօսութիւն է, իսկ Դաշնակցութիւնը՝ իբրեւ գաղափարակիցներու ու քաղաքական նոյն նպատակներուն հաւատացող ընկերներու հանրագումար, չի կրնար ունենալ ներքին վէճեր: Կ՛ըլլան կարծիքներու տարբերութիւններ եւ տարբեր ուղիներու որոնումներ, բայց անոնք զիրար կը բախին ընկերական զրոյցի ընդմէջէն: Զրոյցը դաշնակցականին համար տեսակէտ արտայայտելու կողքին, նաեւ այլ տեսակէտ լսելու եւ անոր մասին ալ մտածելու մշակոյթ է, հեռու՝ ինքնասիրահարուածութենէ, յամառութենէ, մեծամտութենէ, ստորագնահատելէ ու անսխալականութեան բարդոյթէ: Դաշնակցական զրոյցին մէջ կը տիրեն՝ համեստութիւնը, փորձառութիւններու հանդէպ յարգանքը, դիմացինէն բան մը սորվելու պատրաստակամութիւնը եւ համոզուելու ու համոզելու ընդունակութիւնը:
128 տարիներու ընթացքին կազմաւորուած դաշնակցական ընկերական զրոյցի այս մշակոյթը շատերուն ծանօթ չէ, մանաւանդ՝ Հայաստանի մէջ միանձնեայ կուսակցութիւններու համատարած երեւոյթին ի տես: Ոմանք ալ ծանօթ են, բայց կ՛անգիտանան եւ կը փորձեն զայն մատուցել իբրեւ ընկերականութենէ պարպուած վէճ:
Անծանօթները պէտք է ծանօթանան այս մշակոյթին, իսկ անծանօթ ձեւացնողները պէտք է գիտակցին, որ Դաշնակցութեան Գերագոյն Ընկերական Զրոյցը հանդիսացող Ընդհանուր ժողովը վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը 128ամեայ աւանդոյթին եւ զայն շարունակելու դասը փոխանցեց: