ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ամէնէն թեթեւ կշիռք ունեցող նիւթերէն մէկն է փետուրը, որուն թռիչքը, յատկապէս քամիի դիմաց, երբեմն անհետապնդելի է: Եթէ պատահի, որ մէկէ աւելի կամ անհաշիւ փետուրներու թռիչքը երեւակայենք, այն ատեն արդէն ընդհանրապէս երեւակայական կը թուի զանոնք հաւաքելու եւ ի մի խմբելու աշխատանքը:
Աստուածաստեղծ բնութիւնը այնքան գեղեցիկ է ու կատարեալ, որ կարելի չէ՛ անոր վրայ գոյնով, ձեւով, չափով կամ այլ միջոցով բան մը աւելցնել: Որքան շինարարական բնագաւառին մէջ նորաձեւութիւններով շքեղ կառոյցներ բարձրացնեն մարդիկ, այնքան աւելի կը փճացնեն բնութեան կոյս գեղեցկութիւնը: Բնապահպան հիմնարկութիւններ կամ ընկերակցութիւններ, տեղական թէ միջազգային մակարդակներով դէմ կը կանգնին անտառահատման, պահպանելու համար բնութեան կուսութիւնը:
Կենդանական աշխարհին մէջ ալ բնութիւնը կատարեալ է, եթէ բացառութիւն նկատենք տխեղծ կամ անբնական ծնունդները: Ընդհանրապէս գեղեցիկ են կենդանիները, ինչ տեսակի ալ պատկանին անոնք: Տեսա՞ծ էք կենդանիի ձագ մը որ գեղեցիկ չըլլայ: Ամէնէն տգեղ, լպիրշ ու չսիրուող կենդանիին ձագը սիրուելու բան մը ունի իր վրայ անպայման, սկսած իր չափէն, փոքրութենէն: Առածն ալ այդ կ՛ըսէ չէ՞. «Ագռաւին հարցուցեր են ամէնէն գեղեցիկ ձագը որո՞ւնն է. իմ ձագն է, ըսեր է»:
Գազաններու բնազդը որո՞ւն համար սիրելի է: Ո՞վ հաճելի կը գտնէ անոնց յարձակումները կամ աւելի տկար անասուններ յօշոտելու արարքը եւ կամ՝ մարդոց վրայ յարձակում գործելու վատ անակնկալները, որոնք կը յատկանշուին իրենց վատթարագոյն հետեւանքներով: Սակայն, ամէնէն վայրի գազանին նորածին ձագն ալ գուրգուրանքով կը խնամեն մարդիկ, կերակրելով եւ պաշտպանելով զայն ամէն տեսակի վտանգներէ ու վարակիչ հիւանդութիւններէ:
Թռչնազգիներու պարագային փետուրները ո՛չ միայն ցուրտէն պաշտպանելու դերով կան անոնց մարմինի ամբողջ մակերեսին բուսած, այլեւ թռչելու հնարաւորութիւն տալու նպատակով: Մայր թռչունը ինչ տեսակի ալ ըլլայ, ողջունելէ ետք իր ձագերուն ներկայութիւնը իր թեւերուն տակ, հետզհետէ կը սորվեցնէ անոնց ազատ թռչիլ, հեռանալ բոյնէն եւ իւրովի գտնել իրենց առօրեայ կերը: Նորաբողբողջ անոնց թեւերը, որոնք սկզբնական շրջանին անհաճոյ տեսք կ՛ունենան, հետզհետէ կը սկսին աճիլ ու երկարիլ, ըստ տեսակի՝ գոյն ստանալ կամ ակնախտիղ գեղեցկութեան մը վերածուիլ, որ երբեմն կախարդական աշխարհի եդեմական թռչուններու գեղեցկութեան անրջական պատկերը կը հաղորդէ դիտողին:
Թռչուններու գեղեցկագոյններո՛ւն ալ չեն խնայեր երբեմն որսորդներ: Անոնք երբեմն ողջ կ՛ուզեն բռնել զանոնք եւ վանդակի մէջ դնելով վայելել անոնց հաճոյալի դայլայլը եւ յատկապէս գունագեղ փետուրներու գեղեցկութիւնը: Յատկապէս ափրիկեան անտառներու թռչնազգիները կը զատորոշուին իրենց փետուրներու բազմագոյն երանգաւորումով, որոնք բազմաշերտ տաճկաոճ կանաչի, երկնագոյնէն մինչեւ լազուարթի մէջ տարուբերող կապոյտի, բացէն մինչեւ գոց դեղինի, գինեգոյնի եւ բոսոր կարմիրի զգլխիչ իրենց տեսքով, հոգեկան զուարճութիւն կը պատճառեն անոնց սեփականատէրերուն:
Թռչուններուն փետուրները նաեւ վաճառականական նպատակներու կ՛օգտագործուին, սակայն անոնց կարծրն ու փափուկը իրարմէ զատելէ ետք միայն: Օրինակ, անցեալին գրչածայր պատրաստելու համար փետուրի ամէնէն կարծր տեսակին կարիք ունէին մատենագիրներ, իսկ պարկի մէջ լեցնելով իբրեւ բարձ գործածելու համար ամէնէն նուրբ ու փափուկ տեսակը պէտք էր հաւաքէին մարդիկ: Մինչեւ այսօր եւս, լաւագոյն ու ամէնէն հանգստաւէտ բարձերը փետրուրով լեցուած տեսակներն են, որոնք մասնաւոր պատուէրով պատրաստել կու տան ոմանք, գիշերուան քունին կարեւորութեան մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնելով:
Մանկական հասակի ամէնէն չար եւ ծնողներուն զայրոյթ պատճառող տնային խաղերէն մէկն է, երեխաներուն իրարու հետ կազմակերպած բարձի խաղը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ բարձերով իրարու հարուածել անկողինին մէջ, քնանալէ առաջ կամ արթննալէ քիչ վերջ: Բարձերէն անոնք որոնք փետուրով լեցուած են, վտանգաւոր են վերոյիշեալ խաղի պարագային, հակառակ իրենց մեղմ կամ փափուկ տեսակին, որովհետեւ կրնայ ըլլալ որ յանկարծ պատռուի փետուրները իր մէջ պարփակած ներքին պարկը եւ ննջարանը վերածուի «աղէտի գօտիի»…
Նոյն այս պատկերը բարոյական իր մեկնաբանութիւնը ունի: Փետուրը ինքնին, բան մը չի՛ ներկայացներ: Ատիկա այնքան թեթեւ է, որ նոյնիսկ երբ սովորական կշիռքի վրայ դրուի, հազիւ կը յաջողի իր ներկայութիւնը փաստել: Միւս կողմէ, սակայն, երբ ծրարի մը մէջ դրած ճամբորդի մը յանձնես զայն իր հետ տանելու հեռաւոր մէկ բարեկամիդ, ափին մէջ կշռելով անուղղակի կը բողոքէ անոր ծանրութեան համար…
Փետուրը քամիին յանձնելու պատկերը յաճախ կ՛օգտագործուի, նաեւ խօսք մը տարածելու իբրեւ փոխաբերութիւն: Ուրիշը վատաբանելու եւ սուտերով անոր ընկերական շրջանակին մէջ ունեցած վարկին, հաւաքական կեանքին մէջ ունեցած մեծ համբաւին կրակ տուող մարդիկ կը նմանին փետուրներով լեցուած բարձը պատռելով, անոր բովանդակութիւնը քամիին տուող չար տղոց, որոնք ժամանակ մը ետք ծնողներու բարկութեան պատճառով երբ պատժուին, լալէ բացի ուրիշ ընելիք չեն ունենար: Սակայն, այլեւս կարելի չըլլար անոնց կատարած չարութիւնը ամբողջութեամբ ուղղել եւ զանոնք իսկական զղջման հրաւիրել:
Նոյնն են նաեւ բամբասող ու մանաւանդ ուրիշները զրպարտող մարդիկ: Անոնցմէ շատերը առօրեայ սովորութեան վերածած են բամբասելը եւ ատով իսկ «կը սնանին»: Եթէ պատահի որ օր մը չկարենան բամբասել, ուրեմն անպայման այդ օրը պատմութեան մէջ ոսկեայ տառերով պէտք է արձանագրել: Միւս կողմէ բարոյականութեան զօրեղ ձայնը, որուն խիղճ անունը կու տանք, երբեմն այնքան հզօր կը հնչէ անոնց հոգիին խորքէն մինչեւ ֆիզիքական ականջները, որ ստիպուած կ՛ըլլան զղջալ: Անոնք կ՛երթան ու իրենց բամբասած անձէն ներողութիւն կը խնդրեն, պատրաստակամութիւն յայտնելով օգնել անոր, կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ յաջողելու: Սակայն շա՜տ դժուար գործ է անոր ըսածին հաւատք ընծայելը: Երկա՜ր ժամանակի կը կարօտի մեր վստահութիւնը վերստիլ շահելու գործընթացը: Որովհետեւ կրած ենք անոր չար լեզուին աղէտաբեր հետեւանքը:
Լսուած իմաստուն խօսք մըն է հետեւեալը. «Խօսքը այնքան ատեն որ շրթներուդ մէջ է՝ ստրուկդ է, սակայն մէյ մը որ բերնէդ դուրս եկաւ՝ տէրդ կը դառնայ»: Այո՛, որովհետեւ մարդու միտքը կարդալը գերմարդկային կարողութիւն կը պահանջէ: Առիթով մը, բարեկամ մը նայեցաւ մեր դիմաց նստող եւ ուղղակի մեզի նայող պատանիին, ըսելով. «Արդեօք ի՞նչ կը մտածէ այս պատանին սա պահուն մեր մասին»: Դժուար էր իմանալ, բնականօրէն: Սակայն եթէ ան արտայայտուէր այդ միջոցին, պիտի իմանայինք, թէ ի՛նչ կար անոր միտքին մէջ ամփոփուած կամ լեզուին տակ ծրարուած, զոր ան պահեց ամուր եւ չյայտնեց մեզի: Նոյնն է նաեւ ուրիշին մասին մեր ունեցած վատ կարծիքին պարագան, երբ անոր մասին մեր լսած վատ տեղեկութիւնը միայն մեր սեփականութիւնը կը պահենք, նոյնիսկ որոշ ժամանակ ետք մոռնալով զայն: Ի՞նչ պիտի շահինք, եթէ ըսենք, ի՞նչ պիտի կորսնցնենք, եթէ չըսենք: Ընդհակառակը, տիեզերական բարոյականութեան հիմքերը ամրապնդած կ՛ըլլանք ուրիշին մասին մեր իմացած անպատշաճ լուրը ծածուկ պահելով, որովհետեւ ըստ տիեզերական բարոյականին, բարոյապէս բարձր մակարդակ ունեցող մարդու մը կեանքին մէջ պէտք չէ ըլլայ թոյլատրելի վայրկեան մը, ուրիշին չարիք հասցնելու: