Ռուսիոյ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ, 18 Փետրուարին մեկնարկեցին Յովհաննէս Թումանեանի 150ամեակին նուիրուած ձեռնարկները: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն կը տեղեկացնեն, թէ մեկնարկը տրուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի ազգային գրադարանին մէջ՝ ցուցահանդէսի բացումով, ուր ներկայացուած են մեծ գրողին նուիրուած հրատարակութիւններ եւ լուսանկարներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ազգային գրադարանի գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանտր Վերշինին: Այնուհետեւ, ելոյթ ունեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան, որ անդրադարձաւ Թումանեանի գրական ժառանգութեան, անոր մարդասիրական եւ ազգային գործունէութեան:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Ս. Փեթերսպուրկի Ս. Կատարինէ եկեղեցւոյ Հիւսիս-արեւմտեան տարածաշրջանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս աբեղայ Վարդանեան, ռուս յայտնի մտաւորականներ, գրողներ եւ Յովհաննէս Թումանեանի թոռը:
Ձեռնարկի աւարտին, պարերով հանդէս եկաւ Ս. Փեթերսպուրկի «Նայիրի» պարախումբը: