Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան 21 Փետրուարիին ընդունեց Աւստրիական զարգացման համագործակցութեան (ԱԶՀ) Հարաւային Կովկասի գրասենեակի ղեկավար Կերհարտ Շաումպերկերը: Ընդունելութեան ներկայ գտնուաւ նաեւ գիւղատնտեսութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գեղամ Գէորգեան:
Ողջունելով հիւրը՝ Տիգրան Աւինեան կարեւոր համարեց Աւստրիական զարգացման համագործակցութեան ծրագիրներուն դերը Հայաստանի մէջ ժամանակակից գիւղատնտեսութեան զարգացման համար, եւ ան հանդիպումը պատեհ առիթ նկատեց համագործակցութեան նպա-տակները քննելու:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Կերհարտ Շաումպերկեր յայտնեց, որ ԱԶՀի ծրագիրներուն մեծ մասը գիւղատնտեսական բնոյթ ունի, եւ իրենք պատրաստ են աջակցելու կառավարութեան՝ այս ոլորտին մէջ բարեփոխումներ կատարելու եւ ամրապնդելու ներկայ համագործակցութիւնը: Ան նաեւ յայտնեց, որ եկող աշնան կը սպասուի աւստրիական առեւտրական պատուիրակութեան Հայաստան այցելութիւնը, որ նոր ազդակ պիտի հաղորդէ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն:
Զրուցակիցները քննեցին Հայաստանի մէջ խիտ գիւղատնտեսութեան, կաթիլային ոռոգման, տն-տեսուող հողերու ընդլայնման եւ համագործակցականներու ստեղծ-ման հարցերը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ 11.7 միլիոն եուրօ ելեւմտացոյց ունեցող «Կանաչ գիւղատնտեսութեան զարգացումը Հայաստանում» ծրագիրին, որ աջակցութիւն կը ստանայ Եւրոպական Միութենէն եւ ԱԶՀէն (9.7 միլիոն եւ 2 միլիոն համապատասխանաբար):
2011էն ԱԶՀը շուրջ 30 միլիոն եուրօ արժող եւ մեծ մասամբ գիւղատնտեսական բնոյթի ծրագիրներ գանձատրած է Հայաստանի մէջ՝ նպատակ ունենալով կրճատել աղքատութիւնը եւ նպաստել եկամուտներու աճին: Ընթացիկ ծրագիրներու շարքին են անասնապահութեան եւ օրկանական գիւղատնտեսութեան զարգացումը: