ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի մէջ, հինգ տարի առաջ հիմնուած «Great Partners» ընկերութեան արտադրած բաճկոնները արդէն կ՛արտածուին եւրոպական շուկայ: Ընկերութիւնը կը գործակցի եւրոպական հանրաճանաչ շարք մը ընկերութիւններու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հինգերորդ Ալիք» լրատուամիջոցը:
Օգտագործուող հումքը եւրոպական է, եւ բաճկոններուն ձեւաւորումը կը կատարուի եւրոպացի մասնագէտներու կողմէ, իսկ կարուածքը՝ արցախցի դերձակներու: Եւրոպացի մասնագէտները կը նշեն, թէ արտադրանքին որակը կը համապատասխանէ եւրոպական չափանիշերուն, եւ այդ պատճառով ալ անոնք կը վաճառուին եւրոպական շուկային մէջ:
Նշենք, որ նշեալ ընկերութիւնը Ստեփանակերտի մէջ ունի 300 աշխատաւորներ: