ՄԻՐՆԱ ԳԱՍԱՄԱՆԵԱՆ
Անցեալ Կիրակի՝ 24 Փետրուարին, Կլենտէյլ Հայ Սքուլի հանդիսարահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնացկութեան 128րդ տարեդարձին տօնակատարութիւնը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց եւ երիտասարդութեան կողմէ պատգամ փոխանցեց Միրնա Գասամանեան: Ստորեւ՝ անոր խօսքին բնագիրը.
Ահաւասիկ այսօր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տօնակատարութիւնը համախմբած է բոլորս, անգամ մը եւս իւրաքանչիւրս ոգեզինելու հայապահպանման ու հայրենասիրութեան զոյգ գործօններով:
Գործօններ, որոնք ոչ միայն կը սաւառնին դէպի ազատութեան կապոյտ հորիզոններ, որոնք կ՛առաջնորդեն դէպի յաղթանակի յաւերժացած բարձունքներ:
19րդ դար. ժամանակաշրջան մը, երբ երկնասլաց լեռնաշղթաներով շրջապատուած երկիր մը կ՛ապրէր ստրկութեան մէջ, աստուածատուր աղբիւրներով երկիր մը կ՛ապրէր գլխիկոր ու յուսալքուած: Իսկ յաղթանակի դափնիներով զարդարուած բարձունքները նուաճելու ուղին՝ կանաչապատ չէր ստրուկ ժողովուրդի մը համար:
Վեց դարեր շարունակ ստրկութեան մէջ ապրած ժողովուրդ մը, 1890ական թուականներուն, ոչ միայն քանդեց զինք կապտող երկաթեայ շղթաները, այլ նաեւ յղացաւ յեղափոխական միտքերով:
Ու այդ նոյն յուսակտուր ժողովուրդին ծոցէն ծնաւ գաղափար մը, որ համախմբեց կամաւորական գունդեր. գաղափար մը, որ մղեց յաղթական հերոսամարտեր. գաղափար մը, որ հայութիւնը ազատագրեց բռնատիրութեան ճիրաններէն:
Այդ վեհ գաղափարներով հասակ առաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ու անկէ ճառագայթեցին ինքնազոհ երիտասարդներու իրերայաջորդ սերունդները: Այդ շառաւիղները Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան լոյսով սնուցանեցին Սփիւռքի տարագիր հայութիւնը, իսկ Հայաստանի ու Արցախի յուսակտուր ժողովուրդին ընծայեցին գոյատեւելու կամք:
Այդպիսով, հալածանքներ վերապրած ժողովուրդ մը, անվեհեր հաւատքով քանդեց վեց դարերու ստրկութեան շղթան ու փառահեղ տեսլականով կերտեց Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի պատմութիւնը:
Ազատագրական պայքարի յաղթական աւարտի ոգիով տոգորուած հայ երիտասարդներս՝ իբրեւ ապագայի ջահակիրները՝ մեր երկաթեայ բռունցքները միաւորելով, եկէք պաշտպան կանգնինք Հայ Դատին եւ օժանդակենք ազգային նպատակներուն իրականացման՝ մեր զօրակցութիւնը տալով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան. կուսակցութիւն մը, որ իր դրօշին նման ունի կարմիր կամք եւ ամուր հաւատք՝ հայ ժողովուրդին հանդէպ:
Այո, Թաւշեայ յեղափոխութիւն ապրած ժողովուրդ մը, անցնող տարուան ընթացքին ապացուցեց, թէ հայ երիտասարդին անկոտրում կամքը կերտուած է հայկական լեռնաշխարհի տոկուն ժայռերով. այդ յեղափոխութիւնը իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի հոգին դրոշմեց նորանոր բարձրունքներ նուաճելու յոյսի կնիքով:
Հայ ազգի ապագան կը հանգչի աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութեան ուսերուն. Դաշնակցական երէցն ու պարմանուհին կը գտնուին հոն, ուրկէ կը հնչէ ահազանգը՝ ժողովուրդին ծառայելու:
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան լայնածաւալ աշխատանքներուն մաս կը կազմեն նաեւ Հայաստանի, Արցախի ու Ամերիկայի մէջ դաստիարակչական ու ընկերային բնոյթ կրող գործընթացքներ, օրինակ AYF Youth Corps եւ AYF Artsakh Internship ծրագիրները, որոնք ամերիկահայ երիտասարդութեան առիթ կ՛ընծայեն հայրենիքի մէջ գտնուող պատանիներուն հետ կապ հաստատելու՝ ի նպաստ Հայաստանի բարօրութեան: Այս աշխատանքներուն միջոցով ամերիկահայ երիտասարդութիւնը մօտէն կը ծանօթանայ հայրենիքի մէջ ապրող իր հայրենակիցներուն կարիքներուն եւ պէտքերուն, ու ըստ այնմ յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին նորանոր գաղափարներ եւ ծրագիրներ թեւեր կ՛առնեն, յօգուտ Հայաստանի ժողովուրդին:
Սիրելիներ, դիւրին չէ դաշնակցական ըլլալը:
Դիւրին չէ հայրենիքէն հեռու, փոքրիկ Հայաստաններու պահպանումը, երբ օտարամոլութեան ալեկոծ փոթորիկները կը սպառնան մեր գոյութեան:
Դու՛ն, յաղթական հայ ժողովուրդ, պայքարի՜ր մինչեւ որ Սարդարապատի ղօղանջներուն արձագանգը հասնի Մուշ, Կարս ու Արտահան… Մինչեւ սուրբ դրօշդ ծածանի այն հողին վրայ, որ ոռոգուեցաւ անկախութեանդ սիրոյն նահատակուած անմահներուն արիւնով… Քաջ գիտցի՛ր, որ ամբողջական Հայաստանը կերտելու ուժին տէրն ես դուն, ու երիտասարդութիւնդ՝ տունդ կիսատ պիտի չպահէ, եւ Արարատի կատարին դարձեալ պիտի բարձրացնէ վսեմ դրօշդ՝ կերտելով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան:
Առ այդ, եկէք այսօր բոլորս միասնաբար, Հրաչ Տասնապետեանի խօսքերով՝ «քիչ մը աւելի դաշնակցականանանք»:
Ահաւասիկ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր կեանքին ու իր զաւակներուն 128րդ վերածնունդն է, որ կը տօնէ:
128ամեայ փառահեղ կուսակցութիւն՝ յարգա՜նք գաղափարիդ. Փա՜ռք ու պատի՜ւ քեզ: