ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութեան մէջ 4 Մարտին ստորագրուեցաւ Երեւանի մէջ 250 մեկաուաթ հզօրութեամբ ջերմաելեկտրակայան կառուցելու համաձայնագիրը:
Համաձայնագիրը ստորագրեցին ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի պաշտօնակատար Գարեգին Բաղրամեան, Միջազգային ելեւմտական միաւորման (Համաշխարհային դրամատան խումբ) տարածաշրջանային կառավարիչ Եան Վան Պիլսէն, Ասիական զարգացման դրամատան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Շէյն Ռոզենթալ, «Ռենկօ»ի ընդհանուր գործադիր տնօրէն Ճովանի Ռուբինի, «Արմփաուըր»ի լիազօրուած ներկայացուցիչ Սիմոնէ Ճովանինի, «Ամերիա» դրամատան ընդհանուր տնօրէն Արտակ Հանէսեան, Գերմանական ներդրումային միաւորման (DEG) Հայաստանի պատասխանատու Փեթըր Կիերկեա եւ «Սիմընզ փրոճեքթ վենչըրզ»ի գործադիր տնօրէն Քլաուս Քոլոֆ:
Ստորագրման արարողութեան ընթացքին խօսք առնելով՝ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան յիշատակեց, որ անցեալ Նոյեմբերին, Հայաստանի կառավարութեան, «Արմփաուըր»ի եւ «Ռենկօ»ի միջեւ Երեւանի տարածքին արդիական ջերմաելեկտրակայան կառուցելու եռակողմ շրջանակային համաձայնագիր ստորագրուած էր: Ինչպէս նախատեսուած էր սոյն համաձայնագիրով, նոյն օրը ստորագրուած էր ուղղակի պայմանագիրը, որ կարելիութիւն կու տայ աւարտելու ծրագիրի գանձատրման ամփոփումը եւ յառաջիկային սկսիլ ջերմաելեկտրակայանի շինարարութեան:
250 միլիոն տոլար արժող այս ներդրումային նախագիծը պիտի իրականացուի 26 ամսուան ընթացքին եւ այլ ջերմաելեկտրակայաններու հետ համեմատած՝ հոսանքին արժէքը շատ աւելի նուազ պիտի ըլլայ: Նոր ՋԵԿի շինարարութեան պիտի մասնակցին 1000-1200 անձեր, իսկ զայն բանեցնելու համար պիտի ստեղծուի 230 աշխատատեղ:
Կը նախատեսուի ծրագիրը իրագործել արդիական սարքաւորումներու ներդրումով եւ գիտական փորձառութեան հիման վրայ, որուն շնորհիւ Հայաստան պիտի ունենայ բարձր արդիւնաւէտութեամբ ու անվտանգ գործող ուժանիւթի կայան մը:
Փոխվարչապետը իր խօսքին աւարտին յայտնեց, թէ համոզուած է, որ այսպիսի ծրագիրներու յաջող սկիզբը եւ իրականացումը լրացուցիչ խթան եւ օրինակ պիտի ծառայեն տեղական ու միջազգային հաւանական ներդրողներու համար: