ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս»-. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսի Երեքշաբթի, 5 Մարտին իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին:
«Պատրաստ եմ աշխատելու Հայաստանի կառավարութեան հետ՝ խորացնելու եւ ամրապնդելու համար հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները եւ աջակցելու Հայաստանի ժողովրդավարական օրակարգին», ըսաւ դեսպանը: