ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Արմէնփրէս».- Երկուշաբթի, 5 Մարտին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Եւրոպական խորհուրդ (ԵԽ), ուր զինք դիմաւորեց ԵԽի նախագահ Տոնալտ Տուսք: Երկու ղեկավարներու հանդիպումին քննարկուեցան երկկողմ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման ընթացքին Փաշինեան նշեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է. Հայաստանի համար յուսալի գործընկեր է ԵՄն, որուն հետ համագործակցութեան շարունակական զարգացումը այսօր առաւել կարեւոր է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ժողովրդավարական բարեփոխումներու ծիրին մէջ:
«Հայաստանը պատրաստ է ջանքեր ներդնել՝ Եւրամիութեան եւ ԵՄ անդամ երկրների հետ համագործակցութիւնը նոր գաղափարներով եւ նախաձեռնութիւններով հարստացնելու ուղղութեամբ», նշեց Փաշինեան՝ աւելցնելով. «ՀՀ իշխանութիւնների հռչակած ժողովրդավարական օրակարգից որեւէ շեղում չի լինելու, եւ Եւրամիութեան օժանդակութիւնը մի շարք ոլորտներում՝ մասնաւորապէս, դատաիրաւական ոլորտի, ոստիկանական համակարգի բարեփոխումների, տնտեսական ենթակառուցուածքների զարգացման ուղղութիւններով շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար»:
Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն վիզաներու ազատականացման գործընթացին:
Հայաստանի վարչապետը եւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը միտքեր փոխանակեցին Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ՝ ընդգծելով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար:
Հանդիպումէն ետք Փաշինեան եւ Տուսք հանդէս եկան յայտարարութեամբ:
«Այսօրուայ քննարկումների ընթացքում մենք ընդգծեցինք Հայաստանի եւ Եւրամիութեան միջեւ քաղաքական երկխօսութեան եւ համագործակցութեան բարձր մակարդակը: Ես ընդգծեցի, որ Հայաստանն առաւել վճռական է եւ ունի քաղաքական կամք՝ խորացնելու Եւրամիութեան հետ փոխգործակցութիւնը», յայտարարեց Փաշինեան:
«Երկուստէք քննարկեցինք նաեւ վիզաների ազատականացման գործընթացը: Հայաստանի քաղաքացիներն ակնկալում են մօտ ապագայում դէպի Եւրամիութիւն ազատ ճանապարհորդելու հնարաւորութիւն ունենալ: Մենք յուսով ենք, որ այս հարցում քաղաքական որոշում կ՛արձանագրուի, քանի որ դա շօշափելի արդիւնք կը լինի մեր քաղաքացիների համար եւ առաւել տեսանելի կը դարձնի մեր գործընկերութեանը», շեշտեց Փաշինեան:
«Եւրոպական Միութիւն կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին առաւել համախմբուած ժողովրդավարութիւն դառնալու եւ իր քաղաքացիներուն աւելի լաւ տնտեսական ապագայ ստեղծելու ճանապարհին», յայտարարեց Տուսք: