ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաք Պաքուի մէջ տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ ԵԱՀԿը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու անպաշտօն հանդիպումներուն եւ պատրաստ է նպաստելու կառուցողական զարգացումներուն, հաղորդեց «Արմէնփրէս»ը՝ յղում կատարելով ԵԱՀԿի մամլոյ սպասարկութեան:
Լայչաք վերահաստատեց ԵԱՀԿի աջակցութիւնը Արցախի հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղիներու որոնման եւ վստահութեան ու երկխօսութեան կայունութիւնը ամրապնդելու ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն:
«Քայլ առ քայլ եւ առանց ընդհատումներու, առաւել աշխոյժ երկխօսութեամբ կարելի է հասնիլ կեանքի բարելաւման այն մարդոց, որոնք տուժած են հակամարտութենէն: Ժողովուրդին խաղաղութեան նախապատրաստելը շատ կարեւոր է», ըսաւ Լայչաք:
Ան ԵԱՀԿի Սլովաքիոյ նախագահութեամբ պատրաստակամութիւն յայտնեց համագործակցութեան ու երկխօսութեան զարգացման սատարել:
«ԵԱՀԿը ոգեւորուած է անպաշտօն երկխօսութիւններով, որոնց ականատեսն ենք մինչեւ այսօր: Մենք ուշադիր կը հետեւինք կառուցողական զարգացումներու կարելիութիւններուն եւ պատրաստ ենք նպաստելու անոր, երբ անհրաժեշտ ըլլայ», նշեց Լայչաք:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ երեք անպաշտօն հանդիպումներ ունեցած են վերջին քանի մը ամիսներուն: Անոնք 28 Սեպտեմբեր 2018ին, Տուշանպէի մէջ պայմանաւորուած էին սահմանագիծի երկայնքին լարումը նուազեցնել եւ միջադէպերը կանխել: