ԵՐԵՒԱՆ.- Ճափոնի կառավարութիւնը Մարդկային անվտանգութեան ապահովման իր ծրագիրի շրջագիծին մէջ, 26 հազար 923 տոլարի դրամաշնորհ յատկացուց Գիւմրիի ընկերային-կրթական կեդրոնի գործազուրկներու համար նախատեսուած շէնքի վերանորոգման, 77 հազար 185 տոլար՝ Գիւմրիի թիւ 1 արհեստագործական պետական ուսումնարանին՝ նոր գոյքերու տրամադրման եւ այլ գոյքերու թարմացման, իսկ 21 հազար 634 տոլար տրամադրած է «Հայկական Կարիտաս»ի Գիւմրիի եւ Տաշիրի տարեցներու ցերեկային հոգատարութեան ընկերային կեդրոններու պայմաններու բարելաւման համար: Այս մասին Հինգշաբթի, 7 Մարտին յայտարարեց Գիւմրիի քաղաքապետարան այցելած Հայաստանի մօտ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուն Եամատայի: Ան յուշագիրներ ստորագրեց վերոնշեալ կառոյցներուն ներկայացուցիչներուն հետ:
Յուշագիրներու ստորագրութենէն ետք դեսպանը ըսաւ, որ իրենց ծրագիրները շատ են Շիրակի մարզին մէջ եւ բոլորը ուղղուած են անապահով խաւին, գործազուրկ մարդոց, դպրոցներուն եւ կրթական համալիրներուն:
«Գիւմրին իսկապէս մեզի համար շատ կարեւոր քաղաք է. այսօր իւրայատուկ օր է մեզ համար, որովհետեւ նոյն ժամանակ կնքուեցան երեք պայմանագիրներ: Նախքան Գիւմրի գալը, այցելեցինք Ազատան համայնքը, ուր ստորագրեցինք արեւային ֆոտճվոլթային կայան տեղադրելու պայմանագիրը, որ ուղղուած է շրջակայ միջավայրի պահպանման եւ արեւային ուժանիւթի զարգացման: Այսուհետեւ մենք կը փափաքինք աջակցիլ Շիրակին եւ Գիւմրիին յատկապէս, եւ բաց ենք բոլոր առաջարկներուն դիմաց», ըսաւ դեսպանը: