ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Հինգշաբթի, 6 Մարտին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ՝ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայատեացութիւն. պատմական եւ ներկայ վերածնունդ» խորագիրով գիտաժողովը:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր բացման խօսքին մէջ, ողջունելէ ետք մասնակիցները, ընդգծեց հայատեացութեան հիմնահարցի քննարկման կարեւորութիւնը Եւրոպական խորհրդարանին (ԵԽ) մէջ:
«Ատելութեան քարոզը երբեք լուծում չի կրնար ըլլալ: ԵԽի համապատասխան մարմինները, մասնաւորապէս՝ ԵԽ մարդու իրաւունքերու յատուկ ներկայացուցիչը պէտք է քաջալերեն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը՝ դադրեցնելու հակահայկական դիրքորոշումներ քարոզելու քաղաքականութիւնը», յայտարարեց Կարապետեան:
Խօսելով Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութեան մասին՝ լեհ պատմաբան Եակուբ Օշիէցքի, իր կարգին շեշտեց, որ որոշ գիտնականներ հայատեացութեան երեւոյթը կը կապեն 20րդ դարուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երեւան գալուն հետ, եւ պնդելով՝ ըսաւ. «Արմէնոֆոպ (հայատեաց-Խմբ.) վարքագիծը ձեւաւորուած է տակաւին 19րդ դարուն, եւ անիկա ապացուցուած է այդ ժամանակներու շատ մը եւրոպացի պատմաբաններու կողմէ»:
Գիտաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ յայտնի յօդուածագիր Ալեքսանտր Լապշին: Ան ներկայացուց իր անձնական փորձառութիւնը՝ նշելով. «Ես շարք մը զուգահեռներ կը տեսնեմ ժամանակակից Ատրպէյճանի եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի սկզբնաւորութեան նացիական Գերմանիոյ միջեւ: Այսօր հայերու նկատմամբ ատելութեան քարոզչութիւնը Ատրպէյճանի քաղաքականութեան հիմքն է»:
Գիտաժողովին ելոյթ ունեցան նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, թուրք գործիչ Ռակըպ Զարաքոլու եւ Արցախի Հանրապետութեան Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արտակ Բեգլարեան: