ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- 7 Մարտին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան, Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Գանատայի շրջանի ատենապետ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Վահիկ Յակոբեան հրաւիրուած էին ներկայ գտնուելու Գանատայի Խոր-հրդարանի իշխող Ազատական կուսակցութեան անդամ պատգամաւոր Տան Ռումիի հանրահաւաքին, ուր ընկերները առանձնազրոյցներ ունեցան երիսփոխանին հետ։
Րաֆֆի Տօնապետեան պատգամաւորին հետ յիշեց իր մասնակցութիւնները Հոկտեմբերին Գանատայի պատուիրակութեան Հայաստան այցելութեան, ապա Արցախի հարցին նիւթին շուրջ Ռումի խոստացաւ Հայ Դատի յանձնախումբի պատրաստած Արցախի հիմնահարցի ծրագիրը ուսիմնասիրել եւ Հայ Դատի հետ դարձեալ հանդիպիլ: