ՎԻԵՆՆԱ.- Մամլոյ միջազգային հիմնարկը (IPI) տեղեկագիր մը պատրաստած է Թուրքիոյ մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ:
Ըստ տեղեկագիրին՝ 15 Յուլիս 2016ին տեղի ունեցած պետական ձախող հարուածէն ի վեր, Թուրքիոյ մէջ փակուած են առնուազն 170 լրատուամիջթոցներ եւ հրատարակչատուներ: Այս եւ տնտեսական ու քաղաքական ճնշումներու հետեւանքով, ներկայիս լրատուամիջոցներուն մօտաւորապէս 95 տոկոսը կը գործեն երկրին քաղաքական իշխանութեան ազդեցութեան ներքեւ:
«Թուրքիոյ մէջ կը շարունակեն ի զօրու մնալ այնպիսի օրէնքներ, որոնք կը սպառնան ազատ լրատուամիջոցներու բնականոն գործունէութեան», ըսուած է տեղեկագիրին մէջ, որ անհիմն կը համարէ Անգարայի այն պնդումները, թէ Թուրքիոյ լրատուական միջավայրը «լաւ եւ աշխոյժ» է: