ԱԼԺԷ, «Ռոյթըրզ».- Ալճերիոյ նախագահ Ապտըլազիզ Պութաֆլիքա 11 Մարտի գիշերը պատգամ մը յղելով՝ յայտարարեց Ալճերիոյ մէջ նախագահական ընտրութեանց յետաձգումը, նոյն ժամանակ վստահեցնելով, որ 5րդ նստաշրջանի մը համար իր թեկնածութիւնը պիտի չներկայացնէ: «Երբեք մտադիր չէի նախագահական ընտրութեան դարձեալ թեկնածութիւնս առաջադրելու», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ «այս նոր հանրապետութիւնը եւ նոր վարչակարգը» պիտի վստահուի Ալճերիոյ նոր սերունդին:
«Նախագահական ընտրութեան կազմակերպումը տեղի պիտի ունենայ ազգային համապարփակ երկխօսութենէն ետք», ըսաւ 1999էն ի վեր պաշտօնի վրայ մնացող Ալճերիոյ նախագահը:
Աւելի ուշ, Ալճերիոյ նախագահութիւնը յայտարարեց, որ նոր սահմանադրութեան նախագիծի մը շուրջ հանրաքուէ մը տեղի պիտի ունենայ:
Յատկանշական է, որ Ալճերիոյ նախագահութիւնը միայն մէկ շաբաթ առաջ յայտարարած է, թէ 82ամեայ Պութաֆլիքա 5րդ նստաշրջանի մը համար իր թեկնածութիւնը պիտի դնէ 18 Ապրիլին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն, որմէ ետք բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան այդ որոշումին դէմ։
Ալճերիոյ ընդդիմադիր ուժերը պահանջեցին ջնջել նախագահական ընտրութիւնը եւ ալճերիական բանակին կոչ ուղղեցին ապահովելու երկրին ու նախագահութեան բոլոր թեկնածուներուն ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ միանալու Պութաֆլիքայի 5րդ նստաշրջանի համար թեկնածութեան առաջադրման դէմ ժողովրդային բողոքներուն: Ընդդիմութիւնը նաեւ այլ երկիրներու կոչ ուղղեց՝ չմիջամտելու Ալճերիոյ ներքին հարցերուն: