ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու շաբաթավերջին հանդէս եկաւ շատ խիստ յայտարարութեամբ մը, որ բաւական բուռն հակազդեցութեան արժանացաւ Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ մէջ։
Սոյլու յայտարարած էր, թէ անոնք, որոնք Գերմանիոյ մէջ մասնակցած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կամ Կիւլենի շարժումի ժողովներուն եւ հանրահաւաքներուն, պիտի կալանաւորուին Թուրքիոյ օդակայաններուն մէջ։
«Թող գան. տեսնենք արդեօք կրնա՞ն դուրս ելլել մեր օդակայաններու սահմաններէն։ Այսուհետեւ դիւրին պիտի չըլլայ դուրսը դաւաճանութիւն ընել եւ հոս գալ՝ Թուրքիոյ բարիքները վայելել», յայտարարեց Սոյլու։
Բրիտանական «Թայմզ»ը անդրադարձաւ Սոյլուի յայտարարութեան եւ նշեց, այս քայլով Սոյլու թիրախ կը դարձնէ այն թուրք ընդդիմադիր գործիչները, որոնք կը քննադատեն նախագահ Էրտողանի ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը։ «Կառավարութիւնը փաստօրէն ըսաւ, որ այն մարդիկը, որոնք կասկածելի կը նկատուին Էրտողանի քաղաքականութեան ընդդիմանալու մէջ, Թուրքիա մուտք գործելու պարագային անպայման պիտի կալանաւորուին», գրեց թերթը։
«Էրմենիհապեր»ը կը գրէ, թէ նախարարը կը շարունակէ իր սպառնական յայտարարութիւնները, այս անգամ պնդելով, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը քաղաքական թեւն է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան, որ «ահաբեկչական» կը նկատուի Անգարայի կողմէ։
31 Մարտին տեղի ունենալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեանց սեմին, Սոյլու յարձակեցաւ նաեւ ընդդիմադիր հանրապետական եւ ազգայնական «Լաւ» կուսակցութիւններուն ձեւաւորուած «Ազգ» ընտրական դաշինքին վրայ, զայն անուանելով «չար դաշինք»: