
Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ՝ 18էն 21 Մարտ, Գերմանիա կը գտնուի, 18 Մարտի առաւօտեան տեսնուեցաւ Պերլինի Ներկայացուցիչներու տան փոխնախագահին եւ անդամներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին Արարատ Միրզոյեան անգամ մըն եւս ներկայացուց Հայաստանի փոփոխութիւնները եւ սպասուող բարեփոխումներու օրակարգը: Կողմերը տեղեկատուութիւն փոխանակեցին օրէնսդիրներու աշխատանքին վերաբերող շարք մը ոլորտներու շուրջ: Ի շարս այլ հարցերու, Արարատ Միրզոյեան իր գործընկերներուն հետ քննեց նաեւ Պերլինի դպրոցներու դասագիրքերուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադարձող նիւթերու ներառումը:
Հայկական պատուիրակութիւնը աշխատանքային ճաշի մը ընթացքին հանդիպեցաւ Գերմանիա-Հարաւային Կովկաս խորհրդարանական խումբի ղեկավար Եոհանս Քարսի եւ անդամներու հետ: Գերմանացի ներկայացուցիչները նշած են, որ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Պունտեսթակի անդամներուն մօտ մեծցած է Հայաստանի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը, որուն նպաստած է նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի՝ Հայաստան այցելութիւնը:
Արարատ Միրզոյեան անգամ մը եւս վերահաստատած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները՝ նշելով, որ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու խորացման ծիրին մէջ կարեւոր դեր ունի Հայաստան-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացումը ԵՄ անդամ երկիրներուն կողմէ, որ 4 Ապրիլին երկրորդ ընթերցումով պիտի քննուի Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ:
Պատուիրակութեան անդամ Ռուբէն Ռուբինեան անդրադարձաւ Արցախեան հիմնահարցին՝ ներկայացնելով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումը եւ վերահաստատելով հակամարտութիւնը խաղաղ ճամբով լուծելու Հայաստանի դիրքորոշումը՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ:
Խօսելով հակամարտութեան կարգաւորման մասին, պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան ընդգծեց Հարաւային Կովկասի ժողովրդավարացման կարեւորութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ գերմանացի գործընկերները աւելի ուշադիր կը գտնուին Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն հանդէպ:
Անդրադառնալով երկու երկիրներուն տնտեսական յարաբերութիւններու խորացման կարելիութիւններուն՝ գերմանացի գործընկերներուն ներկայացուեցաւ Հայաստանի մէջ սպասուող տնտեսական բարեփոխումները, որոնք պիտի բարձրացնեն երկրին տնտեսական գրաւչութիւնը:
Աշխատանքային ճաշէն ետք, Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ծաղիկներ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ: