ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Նոր Օր».- Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Թէքէեան Մշակութային միութեան մայր մասնաճիւղին եւ մասնակցութեամբ Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, միատեղ աշխատանքով ներկայացուեցաւ «Հայ բանաստեղծութեան իշխան» Վահան Թէքէեանի գրական ժառանգութիւնը եւ ԹՄՄի առաւել քան 70ամեայ անցեալը, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, Կիրակի, 10 Մարտի երեկոյեան:
Օրուան հմուտ հանդիսավարը՝ Բարսեղ Քարթալեան կատարեց հանդիսութեան բացումը ի ներկայութեան մեծաթիւ մշակութասէր հանրութեան: Ներկայ էին կրօնական դասի ներկայացուցիչներ՝ Վաչէ արք. Յովսէփեան եւ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, բազմաթիւ ազգային, միութենական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լրատուամիջոցներ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ հիւպատոս Բայբուրդեան՝ վեր առնելով ԹՄՄի տասնամեակներու մշակութային գործունէութիւնը:
Օրուան գլխաւոր բանախօսներն էին՝ սրտաբան տոքթ. Գրիգոր Ատանալեան եւ բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեան: Գեղարուեստական բաժինին մէջ, ասմունքով ներկայացաւ Մելօ Էքիզեան՝ Թէքէեանէն քերթուածներու փունջով մը, Շուշան Յակոբեան՝ դաշնամուրի երկու նուագով եւ Մարիամ Աղաջանեան՝ երեք մեներգով, մասնակցութեամբ Շուշան Յակոբեանի: Նաեւ, մայր եւ դուստր Սալբի եւ Սօսի Քորքունեաններու «Երկնային տաղեր»ը երեք կտորներով հմայեց ներկաները, տաւիղով եւ սրինգով:
Տոքթ. Գրիգոր Ատանալեան ներկայացուց Վահան Թէքէեանը եւ անոր յիշատակին Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, 1947ին հիմնուած Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, անոր նպատակակէտը, ազգային մշակութային կեանքին մէջ նախատեսուած գործունէութիւնը եւ մինչեւ այսօր տարուած ծառայութիւնները:

Բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեան բանասիրական ուսումնասիրութեամբ ներկայացուց Վահան Թէքէեանի կեանքը, ազգային եւ մշակութային գործունէութիւնները եւ մանաւանդ գրականութիւնը եւ քերթուածներուն հարուստ ժառանգութիւնը, որոնք անժամանցելի եւ գերիշխող կը մնան մինչեւ այսօր:
Հանդիսութեան ընթացքին, բեմ հրաւիրուեցաւ ԹՄՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի նախորդ 25 տարիներու ատենապետ Վաչէ Սեմերճեան եւ կինը՝ Սօսին, ԹՄՄի յուշատախտակով պատուըւելով, ձեռամբ գլխաւոր հիւպատոսին:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ: