
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի Հայկական օրէնսդրական համախմբումին նախաձեռնութեամբ, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած շարադրութեան եւ գծագրութեան մրցումներ, որոնց կրնան մասնակցիլ Քալիֆորնիոյ վարժարաններու 9էն 12րդ դասարաններու աշակերտներ:
Շարադրութիւնը պէտք է գրուի՝ իբրեւ դիմում Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան թանգարանի տնօրէնութեան, անոր մէջ ամերիկահայ յայտնի անձնաւորութիւններէն մէկը ներկայացնելու նպատակով:
Գծագրութեան այս տարուան մրցանքին նիւթը «Միջմարդկային յարաբերութիւններ»ն է:
Շարադրութիւնները կամ ստեղծագործութիւնները պէտք է յղուին մինչեւ 8 Ապրիլ՝
1915essay@gmail.com հասցէին:
Մրցանքներուն արդիւնքները պիտի հրապարակուին 12 Ապրիլին եւ պիտի յանձնուին 22 Ապրիլին, Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Հայ Դատի ջատագովման նախաձեռնութեան ընթացքին:
Իւրաքանչիւր մրցանքի առաջին հանդիսացողը պիտի ստանայ 1000 տոլար, իսկ երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողները՝ յաջորդաբար 500 եւ 300 տոլար:
Մրցանքներուն պայմաններուն մասին մանրամասնութիւններուն համար՝ այցելել https://a46.asmdc.org/press-releases/20190215-california-legislators-announce-essay-and-visual-arts-scholarships-raise կայքէջը: