ՖՐԵԶՆՕ.- Աւանդաբար Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանին դիմաց տեղի ունեցող Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ դրօշակի արարողութեան այս տարուան հաւաքին գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ երկարամեայ կրթական մշակ Ալիս Պետրոսեան, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական միաւորի ատենապետն է եւ Լոս Անճելըսի Կանանց յանձնաժողովի նախկին ատենապետը։
Ալիս Պետրոսեան նաեւ եղած է Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչը եւ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօններ ստանձնած է Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանին մէջ։
Ոգեկոչման հաւաքին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լի Պրենտ եւ Ֆաուլըր քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Գառնիկ Քազարեան, որ նաեւ պիտի ստանձնէ հանդիսավարի ձեռնարկին պաշտօնը։
Շրջանի հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը պիտի կատարեն բացման աղօթքը, իսկ գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցին՝ Հակօ Օհաննէսեան, Աստղիկ Աճամեան եւ շրջանի Չարլի Քէյեան վարժարանի աշակերտները, իսկ դրօշակի արարողութեան պիտի մասնակցին Ֆրեզնոյի ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտները։