ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 28 Մարտին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսալ, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ցեղասպանութեան Պարտադրուած. Օսմանեան Թրքական Բանակի Հայ Զինուորի Մը Յուշերը» («Forced into Genocide: Memoirs of an Armenian Soldier in the Ottoman Turkish Army») հատորին ներկայացումը:
Հատորը պիտի ներկայացնէ անոր խմբագիրը եւ երկար տարիներու կրթական մշակ Ատրինէ Ալեքսանեան, որ անգլերէնի թարգմանած է Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես իր հօր՝ Երուանդ Ալեքսանեանի ձեռագիր յուշերը:
Ներկայացումը կազմակերպուած է Կլենտէյլ քաղաքի Գրադարան, Արուեստներ եւ Մշակոյթ բաժանմունքին կողմէ։
Գրադարանի հասցէն է՝ 222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ egrigorian@glendaleca.gov հասցէով կամ (818) 548-3288 թիւով: