ԵՈՒՆԻՎԸՐՍԸԼ ՍԻԹԻ, Քալիֆորնիա.- Ապրիլ 6ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Եունիվըրսըլ Սիթիի «Շերըթըն» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ամերիկահայ բժշկական միութեան գործունէութեան 34րդ ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը, որուն իբրեւ գլխաւոր բանախօս պիտի մասնակցի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը՝ Աննա Յակոբեան։
Ձեռնարկին ընթացքին միութիւնը նաեւ պիտի մեծարէ ամերիկահայ երաշիժտ եւ յօրինող Սերժ Թանգեանը, անոր յանձնելով «Կեանքի Իրագործումներ» մրցանակը:
Մասնակցութեան սակը 250 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութեանց, տոմսեր ապահովելու կամ ձեռնարկը հովանաւորելու կարելիութեանց ծանօթանալու համար՝ այցելել https://aamsc.org/aams-34th-anniversary-celebration/ կայքէջը:
Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի «Ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնադրամին՝ մանկական քաղցկեղի յաղթահարման ծառայութիւններուն:
«Ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհրդի նախագահը Աննա Յակոբեանն է: