Դժբախտաբար, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը Եուրօ-2020ի զտման մրցումները սկսաւ պարտութեամբ: Շաբաթ, 23 Մարտին, Սարայեւոյի Կրպաւիցա մարզադաշտին մէջ Ժ. խումբի Պոսնիա-Հայաստան հանդիպումէն 2-1 յաղթական դուրս ելաւ հիւրընկալող հաւաքականը: Քրունիչի (33րդ) եւ Միլոսեւիչի (80րդ) արձանագրած կօլերուն Մխիթարեան պատասխանեց 90+3րդ վայրկեանին, փենալթիով:
Այս խումբին միւս մրցումներուն արդիւնքներն են՝ Լիխթենշայն-Յունաստան՝ 0-2, Իտալիա-Ֆինլանտա՝ 2-0:
Նշենք նաեւ, որ 22 Մարտին, Ը. խումբի մրցումին՝ Ֆրանսա 4-1 պարտութեան մատնեց Մոլտաւիան, այս վերջնոյն դաշտին վրայ:
Ֆութպոլի Եուրօ մրցաշարքին 60րդ յոբելեանին առթիւ՝ որդեգրուած է յատուկ կարգադրութիւն մը: Ի տարբերութիւն նախորդ մրցաշարքերուն՝ այս անգամ աւարտական փուլի մրցումները տեղի պիտի ունենան ոչ թէ մէկ կամ երկու երկիրներու (բացառիկ պարագաներու՝ երեք), այլ՝ «եւրոպական» 12 տարբեր երկիրներու 12 քաղաքներու մէջ: Այդ քաղաքներն են՝ Ամսթերտամ, Միւնիխ, Պուքրէշ, Պուտափեշթ, Պիլպաօ, Հռոմ, Տապլին, Կլասքօ, Լոնտոն, Գոփընհակեն, Ս. Փեթերսպուրկ եւ… Պաքու: Այսպիսի եզակի իրադարձութեան մը առթիւ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս Պաքուն սպարդած է եւրոպական քաղաքներու այս ցանկին մէջ՝ կը մնայ հարցական:
Աւելցնենք, որ երկու կիսաւարտականները եւ աւարտականը տեղի պիտի ունենան Լոնտոնի առասպելական «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ: