Կիրակի, 24 Մարտ 2019ին, կէսօրէն ետք ժամը 4էն սկսեալ, Պըրմինկհեմ Հայ Սքուլի ֆութպոլի մարզադաշտին վրայ, յատուկ հանդիսութեամբ հանգամանօրէն իրենց աւարտին հասան Քալիֆորնիոյ Հայ աշակերտական մարզախաղերը՝ ՔԱՀԱՄը: Նոյն հանդիսութեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան կողմէ պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերը:
Հայ աշակերտի մարզական յաջողութիւնները ըմբոշխնելու ուրախութեամբ մարզադաշտ ներկայացած էին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը ներկայացնող Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Դաւիթեան եւ Օշին Փիրումեան, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան երկրորդ քարտուղար Քանա Յովհաննիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելքոն Մելքոնեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեան եւ անդամ Արշօ Աւագեան, Ազգային վարչութեան անդամ Ճորճ Չորպաճեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի անդամ Արմինէ Ալեքսան Փափազեան, Նաւասարդեան մարզախաղերու անցեալի պատուոյ նախագահներ Շանթ Հայթայեան եւ Վիգէն Աբէլեան, Տիպար ՀՄԸՄականներ, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՔԱՀԱՄին մասնակցած վարժարաններու տնօրէններ, մարզիչներ, ուսուցիչներ, մեծ թիւով ծնողներ, ՀՄԸՄականներ եւ համակիրներ:
Հանդիսութիւնը ձեռնհասօրէն վարեցին հաւատաւոր ՀՄԸՄականներ Թալին Աբանեան (հայերէնով) եւ Մարիթա Մեծաչեան-Հարպոյեան (անգլերէնով), որոնք առաջին հերթին հրաւիրեցին ներկաները՝ վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակներուն, ինչպէս նաեւ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄականներուն: Ապա, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցին ՀՄԸՄի 100ամեայ պատմականը, նուաճումները, հայ երիտասարդութեան մատուցած ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանի ՀՄԸՄի թուական եւ աշխատանքային ընդհանուր պատկերը:
Հանդիսութեան դրօշակի արարողութիւնը կատարեցին ՀՄԸՄի արի-արենուշները: Անոնք ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան նուագախումբի ազգայնաշունչ քայլեղանակներու ընկերակցութեամբ, հպարտանքով կատարեցին դրօշակի արարողութիւնը: Անոնք ինքնավստահութեամբ տողանցեցին մարզադաշտին վրայ, բարեւեցին ներկաները եւ քարացած մնացին մինչեւ նուագախումբը նուագեց Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները, ապա տեղադրելով զանոնք իրենց տեղերը, մարզադաշտէն տողանցումով դուրս եկան դարձեալ նուագախումբի առաջնորդութեամբ:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, հովուապետական այլ կարեւոր պարտականութեամբ մը զբաղած ըլլալով, գրաւոր ղրկած էր իր օրհնութիւնները, զորս ընթերցեց Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան:
Հայրական իր ողջունները փոխանցելով՝ սրբազան հայրը ՀՄԸՄի պատմութեան մէջ «ոսկի տառերով» արձանագրուող կարեւոր նախաձեռնութիւն մը որակած էր նաեւ ՔԱՀԱՄի իրագործումը եւ ընդգծած էր, հետեւեալը. «Այս Իմաստով, այսօր պատմական օր մըն է բոլորիդ համար. պատմական օր է վարչականներու, աշակերտ-մարզիկներու եւ ՔԱՀԱՄի ու Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպիչ նուիրեալներուն համար: Արդարեւ, դուք աշակերտներու յատուկ՝ ՔԱՀԱՄի մրցաշարքի 35րդ հատորը աւելցուցիք մեր մարզաշխարհի պատմութեան մէջ, իսկ 44րդ Նաւասարդեանները այլ տարածքով պիտի շարունակեն երթը»:
Ան վստահութիւն յայտնելով, թէ բոլոր մարզիկները խորապէս ըմբռնած են ՀՄԸՄի «Բարձրացիր, բարձրացուր» նշանաբանին իմաստը՝ եզրակացուցած էր ըսելով. «Թող ՔԱՀԱՄի մարզախաղերը այսօր եւ միշտ շարունակուին անխափան, տարուէ տարի աւելի եւս զօրացնելով ՀՄԸՄի այս իւրայատուկ ջահէն տարածուող լոյսը, իսկ յառաջիկայ Նաւասարդեան խաղերը նոր նուաճումներ թող բերեն բոլոր մարզական այս փառատօնի փակման տողանցքը նոր յառաջխաղացք արձանագրէ մեր ազգային նպատակներու երթի ճամբուն վրայ»:
Առաջնորդ հօր օրհնութեան խօսքին ընթերցումէն ետք, մարզադաշտ ներկայացաւ ՀՄԸՄի «Հրաշք» մարզական խումբը, որ կազմուած է յատուկ կարիքներ ունեցող հայ մարզիկ-մարզիկուհիներէ, որոնք յատուկ հոգածութեան արժանանալով՝ կը ջանան իրենք զիրենք լիարժէք զգալ հանրութեան մէջ: Հազիւ մէկ տարուան կեանք ունեցող այս խումբը մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է՝ շնորհիւ ՀՄԸՄի համապատասխան յանձնախումբի ջանքերուն եւ իրենց ծնողներու զոհողութիւններուն, առաջին անգամն ըլլալով մասնակցած են ՔԱՀԱՄի թեթեւ աթլէթ մարզաճիւղի մրցումներուն, մեծապէս ոգեւորելով ներկաներն ու իրենց հարազատները:
Ոգեւորիչ այս մթնոլորտին յաջորդեց օրուան գլխաւոր առանցքը հանդիսացող եւ այնքան սպասուած աշակերտական տողանցքը: Իրենց սիրելի տնօրէններուն գլխաւորութեամբ եւ յաճախած վարժարաններու անունը կրող գեղեցիկ պաստառներու առաջնորդութեամբ յաջորդաբար տողանցեցին Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս, Արի Կիրակոս Մինասեան, Հայ Քոյրերու, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան, Մեսրոպեան, Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ աւետարանական, Շամլեան, Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Յովսէփեան եւ Ֆերահեան վարժարաններու աշակերտները: Անոնք հաճոյքով տողանցեցին՝ ամիսներու մարզական մաքուր իրենց մրցակցութեան արդիւնքը քաղած ըլլալու գոհունակութեամբ եւ գրաւեցին իրենց տեղերը մարզադաշտին վրայ, արժանանալով հանդիսատեսի երկարաշունչ ծափողջոյններուն եւ գնահատանքի արտայայտութիւններուն: Իւրաքանչիւր վարժարան, իր խումբին առաջ հպարտութեամբ զետեղեց արդար պայքարով վասակած յաղթանակի մետալներն ու բաժակները, որոնք յանձնուած էին դասակարգային իւրաքանչիւր մրցումէ ետք:
Ոգեւորիչ շքերթէն ետք, ՔԱՀԱՄին մասնակցած վարժարաններու տնօրէններուն անունով պատգամ փոխանցեց Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի գործադիր տնօրէն Մարալ Դաւիթեան: Ան կարօտով յիշեց աշակերտական իր այն տարիները, երբ անհամբերութեամբ կը սպասէր շաբաթավերջերուն իրականացուող ՔԱՀԱՄի մարզախաղերու մասնակցութեան եւ հաստատեց՝ ըսելով. «Այսօր նոյն խանդավառութիւնը կը ցուցաբերեն մեր աշակերտները: ՔԱՀԱՄը մեծ բաց մը գոցեց մեր գաղութի կեանքին մէջ, մասնաւորաբար հայկական վարժարաններու համար: Ան ոչ միայն քաջալերեց մարզական կեանքը եւ ոգին, այլ նաեւ առիթ ընծայեց, որ տարբեր հայկական վարժարաններու աշակերտներ ու ծնողներ ծանօթանան իրարու եւ կերտեն նոր բարեկամութիւններ: ՔԱՀԱՄի շնորհիւ, ՀՄԸՄի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին տակ հայ պատանիին ջամբուեցաւ առաւել ազգային ոգի ու հպարտութիւն: Շուտով կը սկսի ՀՄԸՄի Ողիմպիականը, ուր անգամ մը եւս հայ պատանին եւ երիտասարդը առիթը կ՛ունենան մրցելու այլ հայկական խումբերու հետ, որոնցմէ շատերը կու գան հեռաւոր շրջաններէ: Այս բոլորը անշուշտ կը պարտինք ՀՄԸՄականներու անխոնջ աշխատանքին եւ անսահման նուիրումին: Պատի՛ւ իրենց»: Եզրակացնելով՝ Դաւիթեան մեծապէս գնահատեց ծնողները իրենց անձ-նազոհութեան համար, շնորհաւորեց ՔԱՀԱՄին մասնակցող վարժարանները եւ մաղթեց, որ ՀՄԸՄը շարունակէ ազգանուէր իր գործունէութիւնը:
Դաւիթեանի տպաւորիչ ելոյթէն ետք, Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց Շրջանային վարչութան մարզական պատասխանատու Անիթա Տէրտէրեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բարձր գնահատեց մարզախաղերուն մասնակցող աշակերտութիւնը, որ մարզական մաքուր ոգիով պայքարեցաւ, արձանագրեց յաղթանակներ եւ բնականաբար նաեւ պարտութիւններ: Իսկ կեդրոնանալով ՔԱՀԱՄի կազմակերպման նպատակին՝ քոյրը ըսաւ. «Այս մարզախաղերը կը կազմակերպուին, հայ աշակերտին մէջ պայքարի ոգին շեշտելու, անոնց մէջ յառաջդիմութեան տենջը զօրացնելու, ՀՄԸՄի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» կարգախօսին իմաստը ընդգծելու, որպէսզի անոնք ըլլան օրինակելի քաղաքացիներ, ազգանուէր հայեր եւ անոնց ընդմէջէն յաւերժ ապրի հայ ազգը:»
Ապա, Տէրտէրեան երախտագիտութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք հաւատքով իրենց զաւակները կը վստահին ՀՄԸՄին: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ յատկապէս անոնց մարզիչներուն, որոնք մարզասէր իրենց աշակերտները կը քաջալերեն՝ մասնակցելու ՔԱՀԱՄին, ինչպէս նաեւ շրջանի հայութեան, որ միշտ կը զօրակցի ՀՄԸՄին, եւ իր ներկայութեամբ կը քաջալերէ անոր կազմակերպած բոլոր ծրագիրները:
«ՀՄԸՄը միշտ պատրաստ է, իր հոգածութեան յանձնուած երիտասարդութեան մաքուր միջավայր ապահովելու», ընդգծեց քոյրը եւ եզրակացուց իր պատգամը՝ պաշտօնապէս բացուած յայտարարելով ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ մարզախաղերը, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով մարզադաշտին վրայ:
Գեղեցիկ այս պատգամներէն ետք, ՀՄԸՄական երգիչ Վարանդ Աւաննէսեան մթնոլորտը ճոխացուց «ՀՄԸՄ պանծալի», «ՀՄԸՄի համակիրն եմ քաջ» եւ «Հայորդիք» երգերով: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ երեք բաժակներու յանձնում: Երկար տարիներէ ի վեր, Մարզական խորհուրդը յաղթանակի բաժակներ կը յանձնէ այն վարժարաններուն, որոնք տարուան ընթացքին առաւելագոյն ջանքը թափած են իրենց աշակերտներուն մէջ ծաղկեցնելու ոգեւորութեան, մարզական եւ նուաճումի մաքրամաքուր ոգին: Այս տարի ակնարկուած մարզերու համապատասխան բաժակներուն արժանացան հետեւեալ վարժարանները.
– Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանը՝ Ոգեւորութեան բաժակին (Spirit Trophy).
– Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը՝ Մարզական ոգիի (Sportsmanship Trophy).
– Հայ Քոյրերու վարժարանը՝ Նուաճման (Achievement Trophy).
Յայտնենք նաեւ, թէ Շրջանային վարչութիւնը առ ի գնահատանք ՀՄԸՄի 35րդ ՔԱՀԱՄի
մասնակցութեան եւ հայ աշակերտութեան համար մարզական առողջ միջավայր ստեղծելուն, իւրաքանչիւր վարժարանի տնօրէնի յանձնեց յատուկ գնահատագիր մը:
Ստորեւ՝ մարզաճիւղերու ախոյեանութեան արժանացած վարժարանները.
ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿ
Ա.- Ֆերահեան Ազգային վարժարան
Բ.- Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
Գ.- ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան
ԹԵԹԵՒ ԱԹԼԷԹ
Ա.- Ֆերահեան Ազգային վարժարան
Բ.- ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան
Գ.- Շամլեան Ազգային վարժարան
ՃԱՏՐԱԿ
Ա.- Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
Բ.- ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան եւ Ֆերահեան Վարժարաններ
Գ.- Շամլեան Ազգային վարժարան
ՎՈԼԻՊՈԼ
Ա.- Ֆերահեան Ազգային վարժարան
Բ.- Շամլեան Ազգային վարժարան
Գ.- Ալէք Փիլիպոս Ազգային եւ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարաններ
ՖՈՒԹՊՈԼ
Ա.- ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան
Բ.- Ֆերահեան Ազգային վարժարան
Գ.- Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
ՊԱՍՔԷԹՊՈԼ
Ա.- Շամլեան Ազգային վարժարան
Բ.- Ֆերահեան Ազգային վարժարան
Գ.- Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
ՔԱՀԱՄԻ ԱՌԻԹՈՎ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՓԱՌԱՏՕՆ
ՔԱՀԱՄի եզրափակումը առաւել հետաքրքրական եւ գրաւիչ դարձնելու համար, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան նշանակած յանձնախումբը կազմակերպած էր երկօրեայ փառատօն մը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 23 եւ Կիրակի, 24 Մարտ 2019ի օրերուն, Պըրմինկհեմ Հայ Սքուլի շրջափակին մէջ:
Փառատօնին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին եւ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին սիրուած երգիչներ Րաֆֆի Պատոյեան, Յարութ Պօղոսեան, Յովիկ Մենէշեան եւ Վարանդ Աւաննէսեան: Փառատօնին փայլք տուին նաեւ դպրոցական երգչախումբը, Փաթիլ Լիպարեանի «Փաթիլ» եւ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի՝ Լիլիա Մարգարեանի գլխաւորած պարախումբերը: Փառատօնի շրջափակին մէջ վաճառուեցան համադամ ուտելիքներ: Ամբողջ երկու օրերուն ստեղծուած գեղեցիկ մթնոլորտը եւ ընթացող մարզական մրցումները, փոքրիկ Նաւասարդեան մարզախաղերու բնոյթը ստեղծեցին մարզադաշտին մէջ:
Պէտք է ընդգծել նաեւ, որ ՔԱՀԱՄի փակման հանդիսութենէն առաջ, Մերտինեան Հայ աւետարանականի, ինչպէս նաեւ ծանօթ ՀՄԸՄական Արիգ Գէորգեանի ղեկավարած Արի Կիրակոս Ազգային վարժարաններու երգչախումբերուն կողմէ հրամցուած երգերու փունջերը, մեծապէս ոգեւորեցին մարզադաշտ ներկայացող հիւրերն ու հանդիսականները:
Շնորհաւորելի է ՔԱՀԱՄի յաջող աւարտը, որուն համար ՀՄԸՄի Մարզական խորհուրդը, ՔԱՀԱՄի փառատօնի եւ փակման հանդիսութեան յանձնախումբն ու մասնակից վարժարաններու մարզիչները ջանք չխնայեցին եւ անսակարկ նուիրումով գործեցին, ի նպաստ հայ աշակերտի զարգացման: Վարձքը կատար բոլորին:
(ԱՐԵՆՈՒՇ)