ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Մերտինեան վարժարանին տարեկան 37րդ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 28 Ապրիլին, Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 5:30էն սկսեալ:
Այս տարուան ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարուին դոկտ. եւ տիկին Դանիէլ եւ Ժիւլիէթ Ապտուլեանները, վարժարանին շնորհած իրենց նուիրատուութիւններուն եւ սպասարկութեանց համար:
Դոկտ. Դանիէլ Ապտուլեան ծնած է Քեսապ, եւ անոր ընտանիքը սերտ կապեր ունեցած է տեղւոյն Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հետ։ Ան 14 տարեկանին Կիպրոս մեկնած է տեղւոյն Մելգոնեան հաստատութեան մէջ շարունակելու համար իր ուսումը, իսկ համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ մասնագիտանալով դեղագործութեան մէջ։ Բժշկութեան վկայականը ստացած է Իլինոյի համալսարանէն եւ հանգստեան կոչուելէ առաջ, 55 տարի բժշկական սպասարկութիւններ տրամադրած է։ Ան նաեւ երկար տարիներով նպաստած է Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան, ՀԲԸՄի եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան աշխատանքերուն, ստ-անձնելով պատասխանատու պաշտօններ։
Ժիւլիէթ Իշխանեան Ապտուլեան հասակ նետած է Հալէպի մէջ եւ անոր ընտանիքը մաս կազմած է տեղւոյն Էմանուէլ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։ Ան ապա Շիքակոյի մէջ ամուսնացած է Վարուժան Վարդանեանի հետ։ Ան եղած է տեղւոյն Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ, իսկ աւելի ուշ մաս կազմած է նաեւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան վարչութեան։ Ամուսնոյն մահէն ետք, ան Լոս Անճելըս հաստատուած է եւ ամուսնացած դոկտ. Դանիէլ Ապտուլեանի հետ, միաժամանակ Մերտինեան վարժարանին մէջ շարք մը պատասխանատու դիրքեր ստանձնած է։
Վարժարանին տարեկան ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց եւ տեղեր ապահովելու համար՝ դիմել (818) 907-8149 կամ (818) 507-9848 թիւերուն: Տոմսերու սակը 125 տոլար է։