ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախը փաստացի անկախ է, ինչը պէտք է հաստատուի նաեւ իրաւականօրէն, եւ այդ հարցի լուծման ուղին պատերազմական գործողութիւններն են, որոնք ուշ կամ կանուխ պիտի ըլլան, Արցախի հանրային հեռուստաընկերութենէն ըսած է Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար, Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն Լեւոն Մնացականեան՝ անդրադառնալով նոր պատերազմի հաւանականութեան:
«Իրավիճակը արտաքինից կարելի է ասել, որ հանգիստ է: Եթէ մենք իրավիճակին նայենք, կարող է սխալուենք», ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ պէտք է նկատի առնել ատրպէյճանական սպառազինութիւններու շարունակ յաւելումը. «Հակառակորդը ամէն օր ձեռք է բերում նոր նմոյշներ, ամէն օր ընդլայնում է իր զինանոցը, ամէն օր իրականացնում է դրանց իւրացման պարապմունքներ, դրա համար ընդգրկում է հրահանգիչներ տարբեր երկրներից, որի համար ի հարկէ վճարում է: Չեմ կարծում, որ այդքանը արւում է խաղաղութեան համար»:
Լեւոն Մնացականեանի կարծիքով՝ Արցախի անկախութիւնը իրաւական կերպով հաստատելու համար, ըստ ամենայնի, պատերազմ պիտի ըլլայ. «Ուզում ես խաղաղութիւն, պէտք է պատրաստուես պատերազմի, եւ մեր պարագայում աւելի շատ հակուած եմ ասելու, որ պատերազմ լինելու է, որովհետեւ վերջիվերջոյ անկախութիւնը դէ ֆակտօ կայ, պէտք է հաստատուի նաեւ դէ ժիւրէ, եւ մենք գիտենք, որ միւս կողմը դրա համաձայնութիւնը չի տայ, եւ պէտք է հարցը լուծուի: Հարցի լուծման միակ ճանապարհը, կարծում եմ, ռազմականն է, եւ պէտք է պատրաստուենք մարտական գործողութիւնների: Վաղ թէ ուշ այդ գործողութիւնները կը լինեն», ըսած է պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարը: