– Ներկայացուցիչներու տան Միջոցներու յանձնախումբը Ապրիլ 3ին պաշտօնապէս պահանջեց նախագահ Տանըլտ Թրամփի անձնական եւ ընկերութեանց տուրքերուն մասին տեղեկութեանց յանձնումը, բան մը, որուն նախագահը կ՛ընդդիմանայ։
– Նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընտրուելու ջանքերուն մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան մասին յատուկ դատախազ Ռապըրթ Միւլըրի հետախուզողներու խումբին մաս կազմած անձեր «Նիւ Եորք Թայմզ»ին փոխանցած են, թէ տեղեկագրին մասին ընդհանուր դատախազ Ուիլեըմ Պարի եզրակացութիւնը անտեսած է տեղեկագրին մէջ տեղ գտած՝ նախագահին կամ անոր գործակիցներուն կողմէ արդարադատութիւնը խափանելու «ահազանգող եւ յատկանշական» փաստերը։