ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան ձեռնարկած ստուգումները պարզած են, ազգային պատկերսասրահի պահեստներէն կը բացակային 626 անուն մշակութային արժէքներ՝ գեղանկարներ, քանդակներ եւ այլն՝ 120.250.000 ՀՀ դրամ ընդհանուր արժէքով: Անոնց շարքին են նաեւ կարեւոր գեղարուեստական արժէք ներկայացնող 2 գեղանկարներ՝ Մարտիրոս Սարեանի վրձինին պատկանող 60.000.000 դրամ արժէքով «Հայֆիլհարմոնիայի դահլիճ» գեղանկարը եւ Հ. Զարդարեանի վրձինին պատկանող 2.000.000 դրամ արժէքով «Վերածնունդ» գեղանկարը:
Նկատի ունենալով, որ յայտնաբերուած խախտումները առերեւոյթ կը պարունակեն առանձնապէս խոշոր չափերով գողութեան, պատմական, գեղարուեստական կամ մշակութային առանձնակի արժէք ունեցող առարկաներ կամ փաստաթուղթեր յափշտակելու, պաշտօնատար անձերու կողմէ իրենց ծառայողական պարտականութիւնները չկատարելով անզգուշութեամբ ծանր հետեւանքներ առաջացնելու յանցագործութիւններու յատկանիշներ, ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութիւնը յարուցած է քրէական գործ:
Check Sashig Sargsyan’s and Levon Sarkisyan’s (Serj Sarkisyan’s brothers) houses.