ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու (ԱԻ) նախարարութիւնը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն՝ այնտեղ տեղի ունեցած ջրհեղեղէն տուժած քաղաքաղիներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար:
ԱԻի նախարար ֆելիքս Ցոլակեան յայտնեց, որ մարդասիրական օգնութեան տարբերակներէն ընտրուած է գոյքային օգնութիւնը:
«Մենք կ՛ուղարկենք՝ 4000 վերմակներ, 250 մահճակալներ, 30 վրաններ: Մենք ինքնաշարժներով օգնութիւնը պիտի հասցնենք մինչեւ Թաւրիզ, ուրկէ «Կարմիր Մահիկ» կազմակերպութիւնը պիտի ստանձնէ եւ տնօրինէ գոյքը», ըսաւ Ցոլակեան:
Հայաստանի մօտ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյետ Քազեմ Սաճատի յայտնեց, որ ջրհեղեղի աղէտալի վտանգը դեռ կայ, եւ հայկական կողմին մարդասիրական քայլը շատ գեղեցիկ ու խորհրդանշական է:
«Բնական աղէտները անկանխատեսելի են, եւ տարիներ առաջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը բնական աղէտի օրերուն օգնութեան ձեռք մեկնեց հայ ժողովուրդին, այժմ Հայաստան կ՛օգնէ Իրանին», նշեց դեսպանը:
Իրանի մէջ ջրհեղեղին պատճառով առաւել քան 70 անձեր զոհուեցան: Բնական աղէտին իբրեւ հետեւանք՝ տուժեցին առաւել քան 1900 քաղաքներ եւ գիւղեր: