Փարիզի մէջ 1985էն 2002 լոյս տեսած «Կամք» օրաթերթի հաւաքածոն ամբողջովին թուայնացուած է:
Սփիւռքահայ մամուլի թուայնացուած տարբերակներու շարքը կը համալրուի նոր հաւաքածոյով: Իսկ «Կամք»ի տպագիր օրինակներու ամբողջութիւնը մաս կը կազմէ արդէն «Ազդակ»ի գրադարանին:
«Ազդակ»ի խմբագրութիւնը այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնած է Յակոբ Ենիգոմշեանին, որ աջակցած է գործին՝ ամբողջական հաւաքածոն ու անոր փոխադրութիւնը ապահովելով: