Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան մասնակցեցաւ Ռուանտայի ցեղասպանութեան 25ամեակին նուիրուած «Քուիպիւքա 25» միջազգային համաժողովին։ «Ապրիլի 5ին արտաքին նախարար Զօհրաբ Մնացականեանը մասնակցեց «Կվիբուկա 25» միջազգային համաժողովին՝ նուիրուած Ռուանդայի ցեղասպանութեան 25րդ տարելիցին: Համաժողովին յատուկ ելոյթով հանդէս եկաւ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարի ցեղասպանութեան կանխարգելման հարցերով յատուկ խորհրդական Ադամա Դիենգը, ով, իր խօսքի սկզբում ողջունելով Հայաստանի արտաքին նախարար եւ Ֆրանկոֆոնիայի գագաթաժողովում նախագահող Զօհրաբ Մնացականեանին, կարեւորեց Երեւանում անցեալ տարուայ Դեկտեմբեր ամսին «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» գլոբալ (համերկրային-Խմբ.) ֆորումի անցկացումը, որի ժամանակ շեշտադրուեց կրթութեան կարեւոր դերը կանխարգելման գործընթացում», յայտնեցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Համաժողովի ծիրին մէջ Մնացականեան տեսնուեցաւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով յատուկ խորհրդական Ատամա Տիէնկի հետ: Անոնք ընդգծեցին ՄԱԿի ծիրին մէջ ցեղասպանութեան կանխարգիլման իրաւական սահմանումներու եւ մեքենակառոյցներու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը: Այս առումով մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ նաեւ կրթութեան եւ յիշողութեան դերը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման մէջ, կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: