ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան Երեքշաբթի, 9 Ապրիլին, ընդունեց ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Սլովաքիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի՝ տարածաշրջան կատարած այցելութեան արդիւնքներուն:
Քննարկուեցաւ նաեւ Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը: Ընդգծուեցաւ ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան գօտիին մէջ կայունութեան պահպանման կարեւորութիւնը: