Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 4էն 8 Ապրիլ, աշխատանքային այցելութեամբ հիւրընկալուեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէին (ԿԿ) կողմէ եւ ունեցաւ քաղաքական, հասարակական եւ կազմակերպական զանազան հանդիպումներ Փարիզի, Մարսէյի եւ Լիոնի մէջ:
Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի եւ ԿԿի ներկայացուցիչ Շարլ Փափազեանի՝ տեսակցութիւն ունեցաւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Հայ Դատի, Արցախի եւ Հայաստանի վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ ապագայ գործակցութեան հեռանկարներ:
Քաղաքական հանդիպումներու ծիրին մէջ, Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ընկերակցութեամբ Մուրատ Փափազեանի՝ տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Լիոնի նախկին քաղաքապետ, այժմ փոխքաղաքապետ Գէորգ Քէփէնէկեանի հետ: Արծարծուեցան Հայաստանի ներկայ իրավիճակին եւ Հայ Դատին վերաբերող խնդիրներ:
Հասարակական եւ կազմակերպական գետնի վրայ, վերոյիշեալ երեք քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան ներկուսակցական զանազան ժողովներ, ապա նաեւ բանաւոր եւ գրաւոր մամլոյ հարցազրոյցներ ու ժողովրդային հանդիպումներ, որոնց ներկայ գտնուեցան ուղեկից երեք միութեանց ներկայացուցիչներ, մեծաթիւ համակիրներ եւ երիտասարդներ:
Ուշագրաւ էր Փարիզի «Տիամանթեր» ճաշարանին մէջ երեկոն, որուն ընթացքին կատարուեցաւ վաթսուն հազար եուրօ սրտաբուխ նուիրատուութիւն:
Փարիզի, Մարսէյի եւ Լիոնի մէջ արտասանած իր խօսքերուն մէջ, Բիւրոյի ներկայացուցիչը յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ երիտասարդութեան աշխոյժ ներկայութիւնը, վեր առաւ անոր էական դերակատարութիւնը ոչ միայն ապագային, այլեւ՝ ներկայիս: Ապա, ան սպառիչ կերպով անդրադարձաւ կուսակցութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, Հայ Դատի լայնածաւալ աշխատանքներուն, արցախեան հիմնահարցին, Հայաստանի արտաքին թէ ներքին այժմու իրավիճակին, Ջաւախքի պայմաններուն, սփիւռքեան բազմաշերտ օրակարգին եւ այս բոլորին գծով Դաշնակցութեան պատկերացումներուն, դիրքորոշումին եւ ընելիքին մասին:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ