ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Տէյլի Մէյլ».- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ, Երեքշաբթի, 16 Ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ռապըրթ Քարտաշեանի անուան խռչափողային առողջապահութեան կեդրոնին պաշտօնական բացումը, որուն ներկայ էին Ռապըրթ Քարտաշեանի դուստրը եւ «Keeping Up With the Kardashians» յայտագիրի աստղեր՝ Քիմ եւ Քլոյի Քարտաշեաններ։
«Մենք այս ծրագիրին վրայ կ՛աշխատէինք առաւել քան մէկ տարիէ ի վեր: Փափաքս է, որ այս եւ նման կեդրոններու շնորհիւ, այլ ընտանիքներ աւելի շատ տեղեկութիւններ ստանան այս հիւանդութեան մասին։ Մենք նաեւ աւելին պէտք է կատարենք նման հիւանդութիւններ կանխելու համար», ըսաւ Քիմ Քարտաշեան:
It is great to see people having respect to there parents.