Ֆրանսայի հայ համայնքը Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերականգնման օժանդակելու հարցը պիտի քննարկէ երկրի կառավարութեան հետ, 24 Ապրիլին: Այս մասին, ըստ «Թերթ»ի, յայտնեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:
«Մենք, անպայման, ներդրում պիտի ունենանք Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերակառուցման գործին մէջ», ըսաւ ան:
Ըստ Մուրատ Փափազեանի՝ իրենք դեռ այդ հարցը չեն քննարկած Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հետ: «Ապրիլ 24ին մենք ձեռնարկ պիտի ունենանք: Այդ օրը, Կոմիտասի արձանին մօտ, Ֆրանսայի կառավարութեան հետ ձեռնարկ ունինք, այդ օրը անոնց հետ այդ նիւթով քննարկումներ պիտի ըլլան: Կը նախատեսենք այդ օրը Կոմիտասի արձանին մօտէն շարժիլ դէպի Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն», ըսաւ ան:
Փափազեան յիշեցուց, որ Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ, 22 Ապրիլին նախատեսուած էր պատարագ՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, բայց տաճարի հրդեհէն ետք պատարագը չեղարկուեցաւ:
This is not only France problem,every Nation and every body must help this situation.