ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հինգշաբթի 11 Ապրիլին, Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին, Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային մանկամսուր-մանկապարտէզի աշակերտները այցելեցին Ազգային առաջնորդարան, ուր հիւրընկալուեցան Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ, որուն կողքին էին Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան եւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան։
Աշակերտներուն կ՛ընկերանային վարժարանի վարիչուհին՝ Կարին Չուքատարեան եւ ուսուցիչներ։
Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան մէջ տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ մը՝ «Հայր Մեր»ի եւ Արեւագալի շարականի երգեցողութեամբ, ապա, «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ աշակերտները ելոյթ ունեցան Գարնան եւ Ս. Զատկուան նուիրուած երգերով ու արտասանութիւններով։ Անոնք նաեւ առաջնորդ սրբազան հօր յանձնեցին իրենց պատրաստած անակնկալ նուէրը՝ Յովհաննէս Թումանեանին ծննդեան 150ամեակին նուիրուած ալպոմ մը, որ կը պատկերէր Թումանեանի իւրաքանչիւր հեքիաթին գծագիրը։
Աշակերտներուն հետ մտերմիկ զրոյցներ ունենալով, առաջնորդ սրբազանը գնահատեց անոնց մատուցումները, դրուատեց դաստիարակները, ապա կեդրոնացաւ Ծաղկազարդի ու Ս. Յարութեան տօներու խորհուրդներուն վրայ՝ ընդգծելով, որ Յիսուս շատ կը սիրէ մանուկները եւ մեզի կ՛ըսէ, «Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան»։ Այս առիթով, մանուկներուն նուիրեց խաչեր եւ Ս. Յարութեան նկարներ։