ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 19 Ապրիլին, Փարիզի նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու խմբաւորման ներկայացուցիչներուն հետ, դրուատելով Սուրիոյ քրտական ուժերուն գլխաւորած այդ կազմակերպութեան դերակատարութիւնը «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը պարտութեան մատնելու ջանքերուն մէջ։
Մաքրոն վստահեցուց, թէ Փարիզ պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ մէջ մնացող իսլամ ծայրայեղական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ շարունակուող պայքարին՝ յոյժ կարեւոր համարելով Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատումը: Մաքրոն ըսաւ որ Ֆրանսա կ՛աջակցի Սուրիոյ ժողովուրդի մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու գործին:
Մաքրոն քննեց նաեւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն կողմէ գերի բռնուած զինեալներուն հարցը։
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու կազմին մէջ կան քրտական եւ արաբական տարբեր խմբաւորումներ, ինչպէս նաեւ այլ փոքրամասնութիւններէ փոքր թիւով զինեալներ:
«Էրմենիհապեր»ը կը գրէ, թէ այս հանդիպման լուրը նեղացուցած է Թուրքիոյ իշխանամէտ լրատուամիջոցները, որոնք նաեւ նշած են, թէ Մաքրոնի հետ խորհրդակցած պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած է նաեւ Ֆրանսայի մօտ Սուրիոյ քրտական՝ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչ Խալիտ Իսան:
Թուրքիա Սուրիոյ քրտական ուժերը կը համարէ «ահաբեկչական»՝ պնդելով, որ անոնք կը գործակցին Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ։