ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, 28 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 5:30էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, ուսումնասիրող եւ լուսանկարիչ Մեթիու Քարանեանի նոր հատորը՝ «The Armenian Highland: Western Armenia and The First Armenian Republic of 1918» («Հայկական Բարձրաւանդակ. Արեւմտեան Հայաստան Եւ 1918ի Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը») պիտի ներկայացուի հեղինակին կողմէ։
Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին համատեղ ջանքերով կազմակերպուած այս ձեռնարկին ընթացքին նաեւ պիտի ներկայացուի Նորա Յովսէփեանի վաւերագրական ֆիլմը՝ «Journey to the Homeland» («Ուղեւորութիւն Դէպի Հայրենիք») խորագիրով։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Հայաստանի յատուկ ճաշատեսակներու վաճառք։
Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնի հասցէն է՝ 211 W. Chestnut street, Glendale, CA 91204։