ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Թագուն Ճամբայ» բարեսիրական նախաձեռնութիւնը Մարտ 23ին տեղի ունեցած հաւաքով տօնեց իր հիմնադրութեան տասնամեակը, ի մի բերելով ծրագիրին ներկայ եւ անցեալի կամաւորները, համակիրները, հովանաւորները, վարչութեան անդամները եւ համայնքային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները։
Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կամուրջ մը հանդիսացող այս ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւնը կրթական աջակցութիւններ կը տրամադրէ Հայաստանի գիւղական շրջաններու աշակերտներու եւ ուսանողներու համար, ինչպէս նաեւ դաստիարակչական ամառնային ճամբարներ կը կազմակերպէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Հիմնադիր Նանօր Պալապանեանի առաջնորդութեամբ՝ կազմակերպութիւնը ցարդ նորոգած է երկու գիւղերու մանկապարտէզները եւ կահ կարասիներ ապահոված է անոնց համար, ինչպէս նաեւ համացանցային կապ ու համակարգիչներու կեդրոն ապահոված է այլ վարժարանի մը, ու երկու մարզադաշտեր կառուցած է տարբեր վարժարաններու համար։ Կազմակերպութիւնը նաեւ 30 ուսանողներու կրթանպաստներ տրամադրած է։
Նանօր Պալապանեան կազմակեպութեան գործունէութեան մասին մանրամասնութիւններ փոխանցեց ներկաներուն՝ նշելով, որ ներկայիս Քալիֆորնիոյ համալսարանի տարբեր մասնաճիւղերուն մէջ հարիւրաւոր կամաւորներ նեցուկ կը կանգնին կազմակերպութեան բարեսիրական ջանքերուն։ Ան նաեւ գնահատագիրներ յանձնեց կազմակերպութեան գործունէութեան սատարած՝ Անահիտ Երէմեանին, «Տանըլտ Սթաուս» հիմարկութեան, Աղայեան ընտանիքին, Շանթ Փանոսին, Ալեքսանտրա Պասմաճեանին, Յակոբեան ընտանիքին եւ Պալապանեան ընտանիքին։
Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Մահսա Ղասեմի եւ Արա Տապանճեան, ներկայացնելով հայկական ժողովրդային երգեր, մինչ «Լեռնազանգ» պարախումբին անդամները ներկայացուցին շարք մը հայկական պարեր, խանդավառելով ներկաները, որոնց մէկ մասը միացաւ անոնց։
«Թագուն Ճամբայ» բարեսիրական նախաձեռնութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.hiddenroadinitiative.org կայքը։