ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Շաբաթ, 6 Ապրիլին, ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու աշակերտներ համախմբուեցան Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մեր սրբադասեալ նահատակներուն յիշատակին:
Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան ներկայ եղաւ հաւաքին, կատարեց բացման աղօթքը եւ աշակերտներուն խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասման մասին, նշելով, որ իրենց կը դիմենք որպէսզի բարեխօս ըլլան Աստուծոյ մօտ:
Աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն աւարտին ծաղիկներ զետեղեցին յուշարձանին առջեւ: