ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
1919ի սկիզբը, Հանրապետութիւնը կը գտնուէր համատարած սովի ճիրաններուն մէջ:
Կառավարութեան սկզբնական փորձերը արտաքին աշխարհէն օգնութիւն ստանալու լուրջ արդիւնք չտուին: Կովկասեան տարածաշրջանը կը գտնուէր անգլիական ուժերու գրաւման ծիրին մէջ եւ բնականաբար ՀՀ կառավարութիւնը կը յուսար, որ անգլիացի՛ք ըլլային գործնականօրէն արձագանգողը ստիպողական այս կացութեան, բայց անգլիացիք մնացին լայնօրէն կրաւորական: Այն օգնութիւնը, որ տրամադրուեցաւ անգլիական ուժերու պահեստներէն շատ հեռու էր լուծում բերելու հարցին:
Այս պայմաններուն մէջ էր, որ Յունուարի 22ի կառավարութեան նիստին որոշուեցաւ անյապաղ պատուիրակութիւն ուղարկել Ամերիկա, վարչապետ Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ: Եւ սակայն, Թիֆլիսի անգլիական իշխանութիւնները երկար ժամանակ խափանեցին պատուիրակութեան երթը դէպի Ամերիկա: Ապրիլ 16ին էր միայն, որ պատուիրակութիւնը արտօնութիւն ստացաւ մեկնելու: Վարչապետ Քաջազնունիին կ՛ընկերանային ելեւմտական նախարար Ա. Էնֆիաջեան, գիւղատնտես Յ. Փիրալեան եւ սպայ Ս. Մելիքեան:
Կը մէջբերեմ Սիմոն Վրացեանի վկայութիւնը՝
«…Հայաստանի Խորհրդի ու կառավարութեան դիմումները, ինչպէս նաեւ արտասահմանում կատարուած աշխատանքները, վերջապէս լսուեցին եւ օգնութիւնը չուշացաւ: Այս անգամ օգնութեան հասնողը Ամերիկան էր՝ Միացեալ Նահանգների պարենաւորման դիկտատոր (պէտք է ըլլայ «դիրեկտոր», Director of U.S. Food Administration) Հուվէրը, Եւրոպայի փրկիչը յետպատերազմեան սովից: Հուվէրը եղաւ Հայաստանի ժողովրդի իրական փրկիչը: Ինչ եւ լինի մեր վերաբերումը դէպի Ամերիկայի քաղաքական դերը հայկական խնդրում, ամերիկեան մարդասիրական նպաստն ու պարէնը երբեք չենք մոռանայ, չպէտք է մոռանանք:

Մայիսի քսանին Բաթում եկաւ ամերիկեան առաջին նաւը 125,000 փութ ալիւրով, մի շաբաթ անցած, հասաւ եւս 600,000 փութ: Այդ մթերքը Հայաստան փոխադրելու համար վրաց կառավարութիւնը հայկական կառավարութիւնից պահանջեց 579 վագոն եւ 14 շոգեշարժ, ա՛յն ժամանակ, երբ Հայաստանի ունեցած վագոնների ընդհանուր թիւը 520 էր եւ շոգեշարժներինը՝ 16: Պէտք եղաւ ամերիկացիների եւ անգլիացիների միջամտութիւնը, չորս օրով կանգնեցուեց Հայաստանի երկաթուղային մարդատար հաղորդակցութիւնը եւ բոլոր միջոցները յատկացուեցին ալիւրի փոխադրութեան:
Ամերիկեան ալիւրը հասնելով՝ կամաց-կամաց սովը մեղմացաւ, երկիրը սկսեց մտնել բնականոն հունի մէջ, եւ ժողովուրդն ու կառավարութիւնը կարողացան նուիրուել երկրի վերաշինութեան ու պետութեան կազմակերպման գործին»: («Հայաստանի Հանրապետութիւն», Բ. Տիպ. Պէյրութ)։
Ամերիկեան մարդասիրական օգնութեան հետ կապուած այս դրուագը նաեւ կը բացայայտէ Հայաստանի շրջափակուած կացութիւնը 1919ին: Այսօրուան միջազգային յարաբերութիւններու ընդունուած կանոնակարգով, բացարձակապէս անհասկնալի է պետական պատուիրակութեան մը վրայ դրուած ճանապարհորդութեան արգելքը: Մանաւանդ երբ առաքելութիւնը կապ ունի մարդասիրական ճգնաժամի մը հետ: Եւ, անշուշտ, բացարձակապէս անընդունելի է անգլիական գրաւման իշխանութիւններու կրաւորականութիւնը Հայաստանի սովի հարցին մէջ: Նոր օրերու պատմագիտութեան կ՛իյնայ բացայայտել իսկական դրդապատճառները այս խնդրին: