ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Հապերթիւրք»ը կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի մէջ հայերը Կիրակի, 21 Ապրիլին, Ս. Զատիկը տօնեցին սրճարանի մը մէջ, որովհետեւ քաղաքի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին փակ կը մնայ եւ այդ թաղին մէջ փողոց ելլելու արգելք գոյութիւն ունի։
Ս. Կիրակոս եկեղեցին թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ զինեալ բախումներու պատճառաւ վնասներ կրած էր եւ փակուած կը մնայ։
Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ մինչ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները եկեղեցիներու մէջ կը տօնէին Զատիկը, Տիգրանակերտի ափ մը հայերը ստիպուած էին Զատիկը տօնելու սրճարանի մը մէջ։ Եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի անդամ Կաֆուր Թիւրքայ ըսաւ, որ այս տարի տխուր տօն մը կ՛ապրին իրենց եկեղեցւոյ փակ ըլլալուն պատճառաւ՝ աւելցնելով, որ եկեղեցին հինգ տարիէ ի վեր փակ է։
Ան բարեմաղթութիւններ փոխանցեց՝ մաղթելով, որ Զատիկը համայն մարդկութեան համար բերէ խաղաղութիւն ու երջանկութիւն։