ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Միհրան Պօղոսեանի արտայանձնման գործով համապատասխան փաստաթուղթեր պիտի ուղարկէ Ռուսիոյ իրաւասու մարմիններուն: Այս մասին Երկուշաբթի, 22 Ապրիլին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին յայտնեց գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան:
Ըստ անոր՝ այս հանգրուանին կ՛իրականացուին անհրաժեշտ ընթացակարգերը՝ Միհրան Պօղոսեանը Հայաստանի իրաւասու մարմիններուն յանձնելու գործընթացին համար:
«Այս պահին պատրաստւում է դրա համար անհրաժեշտ փաստաթղթերի փաթեթը, որը նախատեսուած ժամկէտներում ՀՀ դատախազութեան կողմից կը ներկայացուի ռուսական կողմին», ըսաւ Աբրահամեան:
21 Ապրիլին Յատուկ քննչական ծառայութիւնը յայտնած էր, որ Միհրան Պօղոսեան Ռուսիոյ Քարելիայի Հանրապետութեան տարածքին յայտնաբերուած է եւ Ռուսիոյ իրաւապահներու կողմէ ձերբակալուած է:
Միհրան Պօղոսեան ներգրաւուած է իբրեւ մեղադրեալ՝ հանրօրէն վտանգաւոր արարքներու համար. օգտագործելով պաշտօնական իր դիրքը՝ ան առանձնապէս մեծ չափերով գոյք յափշտակած է: