ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ «Հայաստան կը վախնայ բանալ 1915ի իր արխիւները, որովհետեւ եթէ բանայ աշխարհը ապացոյցներ կը ստանայ, որ 1915ի իրադարձութիւնները «Հայերու Ցեղասպանութիւն» չեն, այլ հակառակը՝ հայկական հրոսակախումբերու կողմէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իսլամ բնակչութեան ցեղասպանութիւն եւ ոչնչացում են:
Վերջերս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշած էր, որ հպարտ են իրենց նախնիներով ու պատմութեամբ, որովհետեւ իրենց պատմութեան մէջ ցեղասպանութիւն եւ գաղութատիրութիւն չեն եղած: Այս յայտարարութիւնները մեկնաբանելով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեան յայտարարեց. «Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին ընդառաջ կարող եմ ցաւով արձանագրել, որ մենք այս ողջ ժամանակահատուածում ականատես ենք եղել Թուրքիայի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման տարբեր ձեւերի: Ժխտումը եղել է հետեւողական, իսկ ժխտման ձեւերը եւ բովանդակութիւնը՝ ոչ: Դրանք մշտապէս ենթարկուել են փոփոխութիւնների, մէկ փորձել են հաւասարութեան նշան դնել ցեղասպանութեան կատարողների եւ զոհերի միջեւ, իսկ այժմ էլ ցեղասպանութեան մէջ մեղադրում են դրա զոհերին եւ արդարացնում կատարողներին: Յաճախ գործի են դրւում ուղղակի կեղծիքներ, ինչպէս օրինակ մեր արխիւների փակ լինելու դրոյթը, երբ Ցեղասպանութեամբ զբաղուող բոլոր մասնագէտները գիտեն, որ Հայաստանի արխիւները բաց են: Ժխտողական մտքի այս վայրիվերումները վկայում են ճշմարտութեան դէմ դրանց անզօրութեան մասին, իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը ճանաչուած իրողութիւն է միջազգային համայնքում: Ցեղասպանութիւնը ժխտողականութեան քօղի ներքոյ արդարացնելը ամօթալի եւ վտանգաւոր երեւոյթ է: Այն խրախուսում է մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ նոր յանցագործութիւններ, ինչի դէմ պայքարը միջազգային համայնքի առաջնային պարտաւորութիւնն է»: